Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնի վերջին, մտահոգիչ գրառումներէն, Թուիթըրի իր էջին (Դեկտ. 27).-
«Արցախահայութեան համար գէշ լուրերը իրարու վրայ կը կուտակուին։ Ոչ միայն Ռուսերը չկրցան բանալ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքը Դեկտեմբեր 26-ին, ինչպէս խոստացուած էր, այլ նաեւ փաքիստանցի խորհրդաւոր “ուսանողներ” յայտարարած են, որ կը փափաքին միանալ ազերի գործիչներուն, ամրապնդելու համար շրջափակումը»։