ՊՈԼԻՍ – Զաքարիա Միլտանօղլուի հետ հայ մշակոյթի հետքերով

 

Ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու Նոյեմբեր 3-ի իրիկունը Փանկալթըի «Նոսթալժի» գրախանութ-սրճարանին մէջ հանդէս եկած է բանախօսութեամբ մը, որուն խորագիրն էր «Անաթոլիայի մէջ Հայոց մշակութային հետքերը»։

Միլտանօղլու իր զեկոյցը սկսած է նախ բնութագրելով խորագրի երեք բաղադրիչները՝ Անաթոլիա, հայ եւ մշակոյթ։ Հաստատած է Անաթոլիա աշխարահագրական ընկալումի սահմանները, թէ՛ պատմական եւ թէ՛ այժմէական համոզումներու տեսանկիւնէն։ Անցեալին Անաթոլիա եզրը Հռոմէն դէպի արեւելքի իմաստով գործածուած է։ Հանրապետական Թուրքիոյ շրջանին ընդլայնուած է այդ ընկալումը, ներառելով՝ հայկական բարձրաւանդակը եւ Միջագետքը։ Ապա, ան հակիրճ կերպով ներկայացուցած է հայ ժողովուրդի առասպելական եւ գիտական պատմութեան յատկանշական դրուագները, ինչպէս՝ քրիստոնէութեան ընդունումը, գիրերու գիւտը եւ այլն։

Միլտանօղլու վերջապէս ծանրացած է մշակոյթ բառի ծաւալին վրայ։ Նշելով որ մարդկութեան կուտակած բոլոր գիտելիքները այդ եզրի մասնիկներն են։ Այս հատուածին մէջ ան անդրադարձած է նաեւ հայ ժողովուրդի երեք սրբութիւններուն՝ եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ մամուլին՝ Հայուն համար նշանակութեան։

Ինչպէս իր նախորդ բանախօսութիւններուն, ան այս անգամ ալ պատմածներուն զուգահեռ ցուցադրած է զանազան լուսանկարներ, որոնց մէկ մասը կը պատկանի իր ոսպնեակին եւ մէկ մասն ալ փոխացուած է անցեալէն, իբրեւ պատմական վկայութիւն։

Լուսանկարներու ցուցադրութեամբ Միլտանօղլու տեսակ մը յարգանքի տուրք մատուցած եղաւ իր պաշտօնակցին, երջանկայիշատակ ճարտարապետ Սամուէլ Կարապետեանին, երբ կը ցուցադրէր մշակութային ցեղասպանութեան խօսուն նմուշները։ Իսկապէս ալ հետեւողներուն համար ցնցիչ եղած են Մշոյ Սուրբ Կարապետի կամ Վասպուրականի Վարագայ Վանքի քանի մը տասնամեակներու ընթացքին ոչնչացման երեւոյթները։

Բանախօսը այս բաժնին մէջ երախտիքով յիշած է վիպագիր Եաշար Քեմալը, որու ջանքերով փլուզումէն փրկուած էր Ախթամար կղզիի գեղակերտ Սուրբ Խաչ եկեղեցին։

Բանախօսութեան ընթացքին ցուցադրուած նկարներու զուգահեռ անդրադարձներ եղած են Կեսարիա, Մուշ, Վան, Երզնկա, Կուտինա, Տարտանել, Այնթապ, Եդեսիա, Տրապիզոն, Մալաթիա, Արաբկիր, Արդուին, Կարս, Ատանա, Անգարա քաղաքներու հայկական անցեալին մասին։

Հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ օրակարգի եկած է մահմետական(աց)ուած Հայերու եւ անոնց՝ իրենց բուն ինքնութեան վերադառնալու նիւթը, որուն բանախօսը հանգամանօրէն պատասխանած է իր իսկ վկայութիւններէն ալ օրինակներ բերելով։