Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՈԼԻՍ – Ընկերվար Միջազգայինի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան. «Թուրքիա պէտք է վերանայի իր պատմութիւնը եւ ընդունի իր պատասխանատւութիւնը 1915-1923-ին Հայոց ցեղասպանութեան գործադրման մէջ»

Մայիս 23–25, Ընկերվար միջազգայնականի (ԸՄ) փոխնախագահ, ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան մասնակցած է ԸՄ-ի Պոլսոյ ժողովին, որու ընթացքին քննարկուած են աւելի քան հարիւր երկիրներէ 132 կուսակցութիւն ընդգրկող ԸՄ-ի վերաբերող հարցեր։ Ժողովականները հիւրընկալուած են Թուրքիոյ Ժողովրդական հանրապետական կուսակցութեան (CHP) կողմէ։ Նիստերուն նախագահած է կազմակերպութեան նախագահ, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչէս։

Նալպանտեան խօսք առած է  «Բռնութեան եւ բախումներու  յաղթահարումը, քաղաքացիական անձերու պաշտպանութիւնը» նիւթին շուրջ քննարկման ընթացքին։

Ան ըսած է.

“Այս ժողովին ամէնէն շատ հնչած բառերը, հաւանաբար, եղած են «խաղաղութիւն», «ժողովրդավարութիւն», «իրաւունք», «մարդու իրաւունքներ», որոնք այլ բառերու կողքին կ’ամփոփեն համայն մարդկութեան ապրումները այս օրերուն։

Ապրումներ ու համատարած վախեր՝ երբ կը տեսնենք, որ աշխարհի հզօրները այսօր կը փորձեն օրէնքի փոխարէն հաստատել ուժի գերակայութիւն։ Այս ժամանակաշրջանը ես կը կոչեմ յետօրինականութեան շրջան, երբ երկրի ներսը օրէնքները կ’անտեսուին օրուան իշխանութեան կողմէ, իսկ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ուժը կ’անտեսէ միջազգային օրէնքը, միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, միջազգային կառավարման համակարգի բազմակողմանի կառուցուածքը՝ ձգտելով վերադառնալ կայսրութիւններու նոր դարաշրջան։

2023-ի վերջին ամիսներուն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին՝ ցեղասպանութեան կանխարգիլման յատուկ խորհրդական Ալիս Ուայրիմու Նտերիթուն, անդրադառնալով ՄԱԿ-ի՝ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին 1948-ի համաձայնութեան՝ ահազանգեց, որ համաձայնութեան ստորագրումէն 75 տարի ետք՝ այսօր ցեղասպանութեան սպառնալիքի տակ են Միանմարի ռոհինգիաները, Եթովպիոյ թիգրայացիները, Սուտանի մասալիթները, Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Կազայի պաղեստինցիները, հայերը Արցախի մէջ, որոնց նկատմամբ միջազգային հանրութիւնը պատշաճօրէն չէ հակադարձած։

Արցախի մէջ հայերը դուրս մղուեցան հազարամեայ իրենց հողերէն Ազերպայճանի կողմէ, որ կ’անտեսէ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը՝ երաշխաւորելու բնիկ ժողովուրդին իրաւունքները եւ անոնց արժանապատիւ, անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձը։ Աւելին՝ խախտելով միջազգային իրաւունքը, Ազերպայճան կը շարունակէ բանտարկուած պահել հայ գերիները եւ կեղծ մեղադրանքներով կը դատէ զանոնք։ Ազերպայճան հետեւողականօրէն կ՚ոչնչացնէ հայ ժողովրդի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը եւ յուշակոթողները։

Այս ժողովին տարբեր ելոյթներու ընթացքին հնչեցին Նեթանիահուի, Լուքաշենքոյի եւ Ալիեւի անունները։ Եւ այդ պատահական չէ, որովհետեւ անոնք կ’ամբողջացնեն զիրար՝ իրենց կործանարար գործողութիւններով ներկայացնելով մեր ժամանակներու մռայլ դէմքը։

Խաղաղութեան մասին խօսքեր եւ մաղթանքներ հնչեցին այս ժողովին տարբեր ելոյթներով։ Նոյնիսկ եղաւ ակնարկ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մասին։ Հայաստան եւ Ազերպայճան կը գտնուին խաղաղութեան գործընթացի մէջ՝ գործընթաց մը, որուն վերաբերեալ ունինք անհամաձայնութիւններ եւ հարցականներ, սակայն խաղաղութեան գաղափարին լրջօրէն կը հաւատանք։ Թուրքիա կը հետեւի այդ հոլովոյթին եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ այդ պայմանագրի ստորագրումով՝ յաւելեալ ճնշում բանեցնելով Հայաստանի վրայ։ Սակայն տեղին է յիշեցնել, որ Հայաստան՝ վերանկախացումէն ի վեր, 1991 թուականէն սկսեալ, մշտապէս ձգտած է առանց նախապայմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ, սակայն Թուրքիա մերժած է։ Եթէ Թուրքիա իսկապէս կը ցանկայ նպաստել տարածաշրջանի մէջ արդար, մնայուն եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման, պէտք է վերանայի իր պատմութիւնը եւ ընդունի իր պատասխանատւութիւնը 1915-1923-ին Հայոց ցեղասպանութեան գործադրման մէջ։

Պարտադրուած խաղաղութիւնը ո՛չ արդար է, ոչ ալ՝ կայուն եւ մնայուն»։