Ապրիլ 11-ին, Սահակ Բ. պատրիարք Հայրը ընդունած է Արամ Քուրանը։ Ան նախագահ Էրտողանի հրամանագրով կազմուած Մշակոյթի եւ արուեստի քաղաքականութեանց յանձնախումբին 14 անդամներէն մէկն է։
Պատրիարք հայրը նաեւ համայնքի եւ պատրիարքութեան պատրաստակամութիւնը յայտնած է նեցուկ հանդիսանալու այս մարզին մէջ ապագայի մշակութային ձեռնարկներուն:
Ինչպէս կարելի է ենթադրել, Արամ Քուրանի սոյն նշանակումը չէ արժանացած նոյն գնահատականին՝ հայկական բոլոր շրջանակներու կողմէ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։