Փետրուար 25-ին, Սահակ Բ. պատրիարք հօր հրաւէրով, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն մասնակցած են համայնքի մամլոյ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները՝ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ նոյն թերթի լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան, «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետուհի Նաիրա Սիւզմէ, «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրութեան ընդհանուր վարիչ Եդուարդ Տանձիկեան եւ նոյն թերթի խմբագրութեան վարիչի օգնական Իշխան Էրտինչ, «Լոյս» մետիայի վարչութեան ատենապետ Արամ Քուրան, «Լոյս» հեռատեսիլի ընկերութեան տնօրէն Յարութիւն Քուրան եւ «Լոյս» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Պելինտա Քուրան, «Փարոս» ամսաթերթի խմբագիր Մայտա Սարիս:
Ասուլիսի ընթացքին Պատրիարք հայրը տեղեկութիւններ հաղորդած է Սանասարեան խանի (գործարարական շէնքի) հարցի, Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ցարդ չիրականացող ընտրութեան, 2022-ին տեղի ունեցած համայնքային վաքըֆներու (հիմնադրամներու) ընտրութեանց, համայնքի համար անհրաժեշտ նկատուած կանոնադրութեան, ընկերային ցանցերու վրայ հայ հոգեւորականներու հանդէպ գործածուած անարգական ոճի եւ !Իթիմաթ պիւրոյի նման զանազան հարցերու մասին։
Այնուհետեւ Պատրիարքը պատասխանած է մամլոյ ներկայացուցիչներու հարցումներուն:
Հանդիպումը, որ տեւած է շուրջ երկու ժամ, տեսասփռուած է Պատրիարքական աթոռոյ «Լրաբեր»-ին կողմէ, առցանց ալիքով։ Փափաքողներ ամբողջական հեռարձակումը կրնան դիտել https://youtu.be/OshsjkmNrYg յղումով։
* * *
Իթիմաթ պիւրօն գրասենեակ մըն է, որու վրայ կը կեդրոնանան ազգային հաստատութիւններուն յղուած նուիրատւութիւնները եւ ուրկէ կը յանձնուին գումարները պատկան կառոյցներուն։ Վերջին շրջանին վիճայարոյց արդար ու անարդար, տեղի ու անտեղի զանազան հարցեր ծագած են այս գրասենեակին շուրջ։
Փետրուար 26-ին, Սահակ Բ. պատրիարք հայրը ընդունած է Տիգրանակերտի (Տիյարպաքըր) Ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ ատենապետ Էրկիւն Վարդգէս Այըքը եւ Վոլքան Արատը։
Վերջիններս յայտնած են, որ եկած էին տեղեկութիւն փոխանցելու Տիգրանակերտի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ նորոգութեան ու վերականգման աշխատանքներուն մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, յիշեալ աղօթատունը տարիներու հոլովոյթով ունի խիստ անմխիթար վիճակ մը եւ Ծխական խորհուրդը, Սահակ պատրիարքիօրհնութեամբ, ձեռնարկած էր նորոգութեան եւ վերականգնման աշխատանքներուն։ Անոնք տեղեկացուցած են, որ աշխատանքները կը շարունակուին։ Նոյն առթիւ պիւտճէին կատարուած է նաեւ պետական յատկացում։ Սակայն, նկատի ունենալով գործին տարողութիւնը, անհրաժեշտ է դիմել մեր միւս վաքըֆներու եւ համայնքի նիւթական օժանդակութեան։
Պատրիարք հայրը յաջողութիւն մաղթած է Ծխական խորհուրդին՝ իր եկեղեցաշէն գործունէութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։