Մարտ 21-ին, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ տոքթ. Վահրամ Էլակէօզ դասախօսած է համեմներու եւ մանրախոտերու պատմութեան մասին, անդրադառնալով անոնց օգտագործման ձեւերուն՝ թէ՛ խոհագիտութեան եւ թէ՛ բժշկութեան մէջ։ Ան ընդգծած է համեմներու առեւտրական ուղիներու պատմութիւնը եւ յատկապէս անոնց ունեցած ազդեցութիւնը համաշխարհային առեւտուրի զարգացման վրայ։
Դասախօսը տեղեկացուցած է, թէ ինչպէս համեմները դարեր շարունակ գտնուած են հզօր պետութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը, դառնալով մեծ պայքարի եւ մրցակցութեան առարկայ։ Այդ պետութիւնները մեծ ջանքեր գործադրած են հեռաւոր վայրերէ համեմներ բերելու համար։ Անոնք, երկար եւ վտանգաւոր ճամբորդութիւններու ձեռնարկելով փորձած են շրջանցել արաբ վաճառականները եւ Վենետիկի մենաշնորհները, նկատի ունենալով, որ երկար ժամանակ համեմներու առեւտուրը անոնց հսկողութեան տակ կը գտնուէր։
Տոքթ. Էլակէօզ յատկապէս անդրադարձած է ա՛յն հայ հետազօտողներուն եւ մասնագէտներուն, որոնք իրենց գործունէութեամբ նշանակալի ներդրում ունեցած են այս կալուածին մէջ։ Ան ներկայացուցած է Կարապետ Կապիկեանը, տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանը, Արմենակ Պետեւեանը եւ Մանուէլ Քաջունին, որոնք իրենց ուսումնասիրութիւններով լոյս սփռած են համեմներու պատմութեան վրայ:
Այնուհետեւ հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ դասախօսը մանրամասնօրէն բացատրած է համեմներու եւ մանրախոտերու օգուտը առողջութեան եւ անոնց՝ ճաշերու մէջ կիրարկման տարբեր ձեւերը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։