Սահակ Բ. Պատրիարք հայրը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին մասնակցելու համար, Մարտ 7-ին, ընկերակցութեամբ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ Տրդատ աւ. քհնյ Ուզունեանի, Պոլսէն Երեւան մեկնած է։
Մարտ 8-ին, Պատրիարք հօր ի պատիւ «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն տեղի ունեցած է Մայր Աթոռոյ Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ։ Մայր Աթոռոյ Լուսարարապետ Մուշեղ եպիսկ. Պապայեանի գլխաւորութեամբ, միաբանութեան անդամներ ողջունած են Պատրիարքին գալուստը։
Արարողութեան ընթացքին, Լուսարարապետ սրբազան հայրը բարի գալստեան խօսք արտասանած է։
Պատրիարք Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է՝ հանդէպ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին՝ յիշեցնելով, թէ ինք երկար տարիներ պաշտօնավարած է Ս. Էջմիածնի հովանիին ներքեւ, ինչպէս նաեւ Ս. Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքին մէջ։ Պատրիարք հայրը, իր խօսքին մէջ շեշտած է Մայր Աթոռի նուիրականութիւնը եւ Հայ եկեղեցիէն ներս ունեցած կարեւորութիւնը, իր այցելութիւնը որակելով դէպի տուն գալուստ։
Արարողութեան աւարտին, Պատրիարք հայրը հակիրճ հարցազրոյց մը ունեցած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռատեսիլի ընկերութեան հետ՝ իր կեցութեան մասին տեղեկութիւններ հաղորդելով։
Ապա տեղի ունեցած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի գլուխ-գլխի տեսակցութիւնը: Յառաջիկայ օրերուն Սահակ պատրիարք կը մասնակցի Մայր Աթոռին մէջ գումարուելիք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։