Պոլսոյ քաղաքապետի ձերբակալութենէն ետք՝ լարուած մթնոլորտ Թուրքիոյ մէջ

Պոլսոյ քա­ղաքա­պետ, ընդ­դի­մադիր Ճէ-Հէ-Փէ-ի («CHP/Ժո­ղովուրդի հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թիւն») ան­դամ Էք­րեմ Իմա­մօղ­լուի դէմ իշ­խա­նու­թեանց սան­ձա­զեր­ծած ու բարձրա­գոյն ուսման կեղծ վկա­յակա­նի մը տէր ըլ­լա­լու ամ­բաս­տա­նու­թեամբ սկսած գրո­հը քա­նի մը ժա­մուան մէջ բազ­մա­թիւ այլ ամ­բաստա­նու­թիւննե­րու ալ գու­մա­րու­մով՝ յան­գե­ցու­ցած է անոր եւ քաղաքապետարանի բազմաթիւ այլ պատասխանատուներու ձերբակալման, այլ խօսքով կատարուած է ուղղակի գլխատում մը՝ քաղաքապետական ընդդիմադիր գրեթէ բովանդակ կազմի։ 

Են­թա­կան, ինչպէս նաեւ Ան­գա­րայի եւ Իզ­մի­րի ընդդի­մադիր քա­ղաքա­պետե­րը միշտ ալ գտնուած են իշ­խա­նու­թեանց թի­րախին, նկա­տի ու­նե­նալով որ երկրին այս երեք մե­ծագոյն քա­ղաք­նե­րը բնա­կանա­բար ծանր կը կշռեն ամէն ին­չի մէջ եւ այս կա­ցու­թիւնը բնաւ ձեռնտու չէ Էր­տո­ղանի հա­շիւ­նե­րուն։ 

Այս ձեր­բա­կալու­թիւնը իս­կոյն բոր­բո­քած է ար­դէն տնտե­սական ու ըն­կե­րային գե­տին­նե­րու վրայ բա­ւական ընկրկած ժո­ղովուրդին կա­րեւոր մէկ զան­գուածին յոյ­զե­րը եւ բո­ղոքի ցոյ­ցեր սկսած են քիչ մը ամէն կողմ, գլխա­ւորա­բար Պոլ­սոյ մէջ։ Ի տես այս կա­ցու­թեան, իշ­խա­նու­թիւննե­րը քա­նի մը օր հան­րա­հաւա­քի եւ ցոյ­ցի ար­գելք հռչա­կած են սոյն մե­ծագոյն երեք քա­ղաք­նե­րուն մէջ։ Ար­դէն տե­ղի ու­նե­ցած ցոյ­ցե­րու ըն­թացքին լուրջ բա­խումներ ալ պատահած են ցու­ցա­րար­նե­րու եւ ոս­տի­կանու­թեան մի­ջեւ։ Ցարդ շուրջ 350 հո­գի հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուած է։ 

Ըստ վեր­ջին լու­րե­րուն, Իմա­մօղ­լուի հար­ցաքննու­թե­նէն ետք՝ դա­տախա­զը պա­հան­ջած էր անոր բան­տարկու­թիւնը. կ՚ըսուէր, թէ կրնայ առ­նուազն եօթը տա­րի ազա­տազրկման դա­տապարտուիլ։ ■