Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՐԻՒՍԷԼ– Հայաստան 4,3 միլիոն եւրօ արժողութեամբ՝ դեսպանութեան նոր շէնք գնած է

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով, Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւսէլի մէջ Հայաստանի դեսպանատան նոր շէնք գնելու գործարքը յաջողութեամբ աւարտած է։

Ձեռք բերուած սեփականութիւնը Պրիւսէլի Գործարարներու միութեան նախկին շէնքն է, որ կը գտնուի 92 Rue d’Arlon, 1040 Brussels հասցէին։ Պատմական շէնքը կառուցուած է 1866–1870 թուականներուն միջեւ։

Դեսպանատան նոր շէնքը Եւրոպական թաղին մէջ է, Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) հաստատութիւններու, Պելճիքայի պետական կառոյցներու եւ այլ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու անմիջական դրացնութեամբ։

«Նոր շէնքը զգալիօրէն պիտի բարելաւէ Պրիւսէլի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան աշխատանքային միջավայրն ու պայմանները՝ խթան հանդիսանալով Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու արդիւնաւէտ իրագործման, ԵՄ-ի քաղաքական կեդրոնին մէջ:

Շէնքի գնման գործարքի արժէքը կազմած է 4,3 միլիոն եւրօ»,– նշուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։