Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՐԻՒՍԷԼ. Շառլ Միշէլ ընդգծած է բոլոր գերիներու ազատ արձակման եւ երկու երկիրներու ուժերուն միջեւ հեռաւորութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը

Ապրիլ 6-ին Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումէն ետք, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր ան յատկապէս նշած է.-

«Մարդասիրական հրատապ  բոլոր հարցերու ամբողջական եւ արագ կարգաւորումը, ներառեալ՝ պահուող բոլոր անձերու ազատ արձակումը եւ անհետացածներու հարցի համապարփակ հասցէագրումը անյետաձգելի քայլեր են, որոնց պատրաստ է սատարելու Եւրոպական Միութիւնը։ 

ԵՄ-ը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի ու Ազէրպայճանի միջև վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման ուղղուած ջանքերուն, ինչպէս նաեւ ականազերծման աշխատանքներուն՝ տրամադրելով փորձագիտական խորհրդատւութիւն եւ նիւթական աջակցութիւն»։

Շառլ Միշէլ հաստատած է, թէ նախագահ Ալիեւ եւ վարչապետ Փաշինեան խաղաղութեան համաձայնագրի ուղղութեամբ արագ շարժելու պատրաստակամութիւն յայտնած են։ Ան շեշտած է, որ ուժերու համապատասխան հեռաւորութեան ապահովումը միջադէպերու կանխարգիլման եւ լարումի մեղմացման կարեւոր բաղադրիչ մըն է եւ ԵՄ-ը պատրաստ է աջակցելու այդ գործընթացին։

Նշենք, թէ եռակողմանի հանդիպումին քննարկուած է նաեւ Հայաստանի ու Ազէրպայճանի միջեւ հաղորդակցութեան ենթակառոյցներու վերականգնման հարցը։

Շառլ Միշէլ ողջունած է երկութուղիի կառուցման ուղղութեամբ քայլերը՝ խրախուսելով Հայաստանն ու Ազէրպայճանը գտնելու ճանապարհային հաղորդակցութեան վերականգնման արդիւնաւէտ լուծումներ։