Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՐԻՒՍԷԼ – Պելճիքայի Հայերը Եւրոպական Միութենէն կը պահանջեն ճնշում բանեցնել Ազերպայճանի վրայ

 

Դեկտեմբեր 19-ին, Պելճիքայի Հայերը Պրիւսէլի մէջ բողոքի ցոյց մը կատարած են՝ Եւրոպական Միութենէն եւ միջազգային համայնքէն պահանջելով ճնշում բանեցնել Ազերպայճանի վրայ, որ բանայ Արցախը աշխարհին կապող միակ ճանապարհը:

Եւրոպայի հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեան իր ելոյթին յայտնած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը Ազերպայճանի գործողութիւններուն դէմ՝ դատապարտող յայտարարութիւններէն անդին պէտք է գործնական քայլերու դիմէ:

Ցուցարարները պարզած են Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, ինչպէս նաեւ պաստառներ՝ «Դադրեցուցէք Ազերպայճանի յարձակումը» եւ այլ գրութիւններով: