Արցախեան նիւթին անդրադարձող բեմադիր Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը»՝ Թորոնթոյի միջազգային փառատօնին արժանացած է «Լաւագոյն ֆիլմ» մրցանակին։
Լուրը հաղորդած է Աւետիսեան եւ Դիմագիրքի իր էջով շնորհակալութիւն յայտնած է փառատօնի պատասխանատուներուն՝ իր խումբին աշխատանքը բարձր գնահատելնուն համար։
Նշենք, թէ սոյն ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր 2019-ին, Երեւանի մէջ։