Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռաֆայէլ Լեմքինի եւ ֆրանսացի ծովակալ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուրնէի անունները կ՚աւելցուին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի Յիշատակի պատին վրայ

Ծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուրնէ

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը յարգանքի տուրք կը մատուցէ լեհ փաստաբան Ռաֆայէլ Լեմքինին, որ ծանօթ է «ցեղասպանութիւն» եզրը ստեղծելուն համար եւ ֆրանսացի ծովակալ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուրնէին, որուն գործողութիւնները հազարաւոր հայերու կեանքեր փրկած են ցեղասպանութեան ընթացքին:

Ռաֆայէլ Լեմքին

Այս երկու մեծերուն անունները կ՚աւելցուին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի Յիշատակի պատին վրայ։

Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող հայաբնակ քաղաքներուն եւ գիւղերուն անունները, ուր տեղի ունեցած են զանգուածային տեղահանութիւններ եւ ջարդեր, փորագրուած են 100 մեթր երկարութեամբ Յիշատակի պատին վրայ: 1996 թուականէն ի վեր, պատին միւս կողմը արձանագրուած են օտար հասարակական, քաղաքական եւ գիտական գործիչներուն անունները, որոնք իրենց ձայնը բարձրացուցած են թրքական իշխանութիւններուն կողմէ իրագործուած ցեղասպանութեան դէմ։ Այդ անուններուն շարքին են նորվեկիացի Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակակիր, մեծ հայասէր Ֆ. Նանսէնը, Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուն, դանիացի միսիոնար Քարէն Եփփէն եւ ուրիշներ: