Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռիթեր. «Երբ մենք դիտարկում կ՚ընենք սահմանին, ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցչին միջոցով այդ մասին նախապէս կը տեղեկացնենք Պաքուին»

Blankspot-ի շուէտական հրատարակութիւնը «Հայաստանի նոր իրականութիւնը. երբ հայեացքները դարձած են այլուր, սահմանները հետզհետէ կը մօտենան» յօդուածին մէջ կը գրէ, որ խմբագրութեան լրագրողը Եղէգնաձորի մէջ՝ տարածաշրջանային գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցած եւ զրուցած է Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթերի հետ։ Հարցազրոյցը կատարուած է Մարտ 23-ին։

Հոս երկարօրէն պիտի չանդրադառնանք ամբողջ հարցազրոյցին։ Անոր մէջ մեզ յատկապէս հետաքրքրող բաժինը կը վերաբերի Ռիթերի հետեւեալ յայտարարութիւններուն. “Մենք պարեկութիւն կ՚ընենք սահմանի երկայնքին։ Երբ այդ կ՚ընենք, Պաքուին կը տեղեկացնենք տարածաշրջանին մէջ ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի միջոցով՝ մեր ծրագրէն մէկ շաբաթ առաջ։ Սա անոր համար է, որ անոնք իմանան, թէ ո՛ւր ենք մենք եւ ի՛նչ կ՚ընենք: Սա կը կատարուի նաեւ թիւրըմբռնումներէ ու միջադէպերէ խուսափելու համար։ Ահա թէ ինչպէ՛ս է մեր յարաբերութիւնը Ազերպայճանի հետ”։

«ՆՅ» – Առանց այդ ալ չարամտութեան մէջ բացառաբար ճարպիկ Ազերիին ձեռքը տրուած այս խաղաթուղթով, բնականաբար շատ աւելի կը դիւրացուի անոր «գործը» եւ գրեթէ, – չըսելու համար ամբողջովին,– իմաստազուրկ կը դարձնէ դիտորդական նման առաքելութիւն։ Հիմա աւելի հասկնալի կը դառնայ Տեղ գիւղի մերձակայքին գործուած ազերպայճանական յարձակման «ժամանակագրութիւնը»։ Առտուն հոն էր դիտորդական  առաքելութիւնը եւ երբ ան մեկնած է, յետմիջօրէն հակառակորդը իսկոյն գործի լծուած է հայկական ուժերուն դէմ։ Կատարեալ խեղկատակութիւն, որ ետին կը թողէ նոր ողբերգութիւններ։