«Աշխարհ կը կառավարուի ռէալփոլիթիքի սկզբունքներով, օրինակ՝ սա պահուս Եւրոպայի համար կարեւորը կազն է»
Ֆրանսական «Le spectacle du monde» պարբերաթերթին մէջ հրապարակուած է Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի ծաւալուն հարցազրոյցը:
Ստորեւ կու տանք թարգմանաբար։
Le spectacle du monde – Արցախ այս տարի ստիպուած եղաւ Սուրբ Ծնունդը նշելու շրջափակման մէջ։ Դուք այնտեղ էիք: Ձեզ չճանչցողներուն համար պէտք է ընդգծել, որ Դուք միշտ ուզած էք հեռու մնալ քաղաքականութենէ՝ գերադասելով ձեր ֆինանսական աղբիւրներու մէկ մասը ծառայեցնել հայութեան օգնելու գործին՝ կրթական, ընկերային եւ մշակութային ծրագրերու միջոցով։ Եւ միայն անցեալ տարի Նոյեմբերին՝ Արցախի պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր ժամանակաշրջաններէն մէկուն համաձայնեցաք դառնալ միջազգայնօրէն չճանչցուած հանրապետութեան Պետական նախարար։ Ինչո՞ւ:
Ռուբէն Վարդանեան – Արցախ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի բոլոր հայերուն եւ ոչ միայն այնտեղ ծնածներուն համար: Ան եզակի, պատմական վայր է, մեր ազգի բնօրրաններէն մէկը։ 2020 թուականին, երբ Ազերպայճան սկսաւ իր յարձակումը, ես հասկցայ, որ Պաքու փուլ առ փուլ կը շարունակէ ամբողջ Հայութիւնը Արցախէն դուրս մղելու իր ծրագիրը, ինչպէս նաեւ վտանգի տակ կը դնէ հոն ապրող 30.000 երախաները։ Հայրենիքս իսկապէս աննախադէպ ճնշումի կ՚ենթարկուէր, եւ ես հասկցայ՝ ժամանակն է, որ ես ալ մտնեմ այդ պայքարին մէջ: Իմ հեղինակութեամբ, իմ հմտութիւններով, իմ կարելիութիւններով ուրիշ ե՞րբ պիտի գործէի, եթէ ոչ հիմա։ Սա ընտրութիւն մըն է, որ ես ըրի ներկայի համար, բոլոր անոնց համար, որոնք կ՚ապրին այսօր, բայց նաեւ ապագայ սերունդներուն համար, որովհետեւ այս հողին վրայ մենք կ՚ապրինք հազարաւոր տարիներէ ի վեր եւ, յոյսով եմ, դեռ հազարաւոր տարիներ ալ պիտի շարունակենք ապրիլ:
Le spectacle du monde – Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Պաքու շրջափակուած կը պահէ Լաչինի միջանցքը, սակայն չի համարձակիր այդ ընել ուղղակիօրէն եւ կ՚օգտագործէ բնապահական «հասարակական կազմակերպութիւնները»։ Ո՞րն է այդ խորամանկութեան պատճառը:
Ռուբէն Վարդանեան – Ազերպայճանի կառավարութիւնը կը կարծէ, թէ այդպէսով պիտի յաջողի մոլորեցնել արեւմտեան հասարակական կարծիքը, որ մտահոգուած է բնապահութեամբ: Բացի ատկէ, Պաքու չի կրնար խախտել Հայաստանի եւ Ռուսաստանի հետ ստորագրած համաձայնագիրը, որ կ՚երաշխաւորէ ազատ տեղաշարժը՝ այդ միջանցքով։ Սա, իրօք, խարդաւանանքի ակնյայտ փորձ է, քանի որ Ազերպայճանի բնապահական գէթ մէկ ցոյցի հետք կարելի չէ գտել այնպիսի պայմաններու մէջ երբ երկրին հիմնական արդիւնաբերութիւնը կազի և քարիւղի շահագործումն է, ինչ որ ինքնին իրական բնապահական խնդիրներ կը ստեղծէ։ Ազերպայճանի մէջ բողոքի նման արտայայտութեան որեւէ նախադէպ չկայ: Իրականութեան մէջ չկայ նաեւ կազմակերպուած քաղաքացիական հասարակութիւն։ Կայ միայն մէկ ընտանիք՝ Ալիեւներու ընտանիքը, որ կը վերահսկէ այդ երկիրը, եւ բնակիչները, հակառակ այն հանգամանքին, որ իրենց երկիրը հարուստ է բնական աղբիւրներով, բաւական աղքատ կ՚ապրին։ Ատոր համար ալ անոնց արտաքին թշնամի պէտք է։ Դժբախտաբար, Ազերպայճանցիներուն կը սորվեցնեն, որ Հայերը գէշ են։ Այդ թոյլ կու տայ երկիրը համախմբել մեր դէմ եւ մոլորութեան ենթարկել հասարակական կարծիքը։ Ա՛յս է անոնց ռազմավարութիւնը…
Le spectacle du monde – Շուրջ տասը տարի առաջ դուք, ձեր գործընկերներուն հետ, ստեղծեցիք «Աւրորա» հիմնադրամը եւ մրցանակը՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Հիմնադրամը կը խրախուսէ ամբողջ աշխարհի տարածքին այն անձերը, որոնք կը պայքարին մեր օրերուն շարունակուող արիւնահեղութիւններու դէմ: Ցարդ ձեր աշխատանքին պտուղները քաղա՞ծ էք, նկատի ունենալով աշխարհի տարածքին ունեցած ձեր բազմաթիւ ընկերները։
Ռուբէն Վարդանեան – Այո՛, ի հարկէ, ես կարելիութիւնը ունեցայ հանդիպելու այդ մարդոց ամբողջ աշխարհի մէջ, տեսնելու անոնց քաջութիւնը, անոնց անձնուրացութիւնը, անոնց հաւատքը. անոնք մարդիկ են, որոնք չեն վարանիր յանձնառութիւններ ստանձնելու՝ նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելու գնով: Պէտք է ըսեմ նաեւ, որ այս տարիներու ընթացքին ատոր շնորհիւ ձեւաւորուեցաւ նաեւ իմ անձնական ներգրաւումը։ Ես մտածեցի, որ եթէ անոնք պարտաւորութիւններ կը ստանձնեն, ապա ես ալ կրնամ նոյնը ընել իմ ժողովուրդին համար։
Le spectacle du monde – Յամենայն դէպս, Արցախի խնդիրը կարծէք թէ առաջնահերթ նշանակութիւն չունի միջազգային հանրութեան համար։ Թէեւ Ուաշինկթըն բարձրացուց իր բողոքի ձայնը, սակայն հայկական հիմնախնդիրը հեռու է առաջնահերթ ըլլալէ։ Ինչո՞ւ:
Ռուբէն Վարդանեան – Ցաւօք, աշխարհը կը կառավարուի ռէալփոլիթիքի սկզբունքներով։ Որոշում կայացնողները կրնան անտեսել մարդկային իրաւունքները, արժէքները, թափանցիկութիւնը, անոնք կրնան իրենց իրաւունք վերապահել՝ որոշելու, թէ ո՛րն է ճիշդը կամ սխալը: Օրինակ, այս պահուն Եւրոպայի համար կարեւորը՝ կազն է: Եւ բնաւ ալ կարեւոր չէ, թէ ուրկէ՞ կու գայ ան: Միշտ կայ մեծ խաղ մը, որ կ՚ընթանայ քաղաքական մեծ պայքարով։ Ֆրանսա ամէնէն սկիզբէն ի վեր յայտնեց իր աջակցութիւնը մեզի։ Սա կու գայ իշխանութիւններէն, բայց նաեւ քաղաքացիական հասարակութենէն: Այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ անոնք մեզի կ՚աջակցին, քանի որ սա նման է Դաւիթի եւ Գողիաթի պատմութեան: Մենք ժողովրդավարական փոքր երկիր ենք, ընտրութիւններ կը կազմակերպենք, ունինք քաղաքական կուսակցութիւններ, հակադիր տեսակէտներ։ Ազերպայճան բռնատիրական սուլթանութիւն է, ուր սուլթանը կը միախառնէ իր երկրի շահերը սեփական շահերուն հետ։ Իսկ Ֆրանսայի մէջ դուք դեռ կը շարունակէք ուշադրութիւն ընծայելու այդպիսի արժէքներու։
Le spectacle du monde – Դուք կը հաւատա՞ք, որ Էմանիւէլ Մաքրոն կրնայ դիմել Ուրսուլա վոն տեր Լայենէնին, որ հրաժարի ազերպայճանական կազէն։
Ռուբէն Վարդանեան – Ես չեմ գիտեր, թէ արդեօք այդ դիւրին կ՚ըլլա՞յ: Բայց եւ այնպէս, ինչ որ ան կրնայ ընել՝ Իլհամ Ալիեւին եւ անոր ընտանիքին ըսելն է, որ անոնք այլեւս ցանկալի հիւրեր չեն Ֆրանսայի համար, քանի որ այն, ինչ անոնք կ՚ընեն, այլեւս ընդունելի չէ: Այդ կրնայ ազդեցութիւն ունենալ, քանի որ բռնապետերը զգայուն են իրենց հեղինակութեան նկատմամբ։ Այդ իսկ պատճառով կը կարծեմ, որ Ալիեւներու ընտանիքին դէմ պատիժները օգտակար կ՚ըլլան։ Սա կրնայ միջոց մը ըլլալ՝ անոր հասկցնելու, որ միշտ իր ուզածը չի կրնար ընել…
Le spectacle du monde – Կը հաւատա՞ք, որ Ազերպայճանի հետ երբեւէ կարելի է խաղաղութիւն ունենալ, եւ եթէ այո՛, ապա ի՞նչ հիման վրայ։
Ռուբէն Վարդանեան – Ի հարկէ: Մենք լաւ օրինակ ունինք: Ֆրանսա եւ Գերմանիա երկար ժամանակ առճակատման մէջ եղած են, իսկ այժմ անոնք ունին հիանալի յարաբերություններ, որոնք կը նիւթականանան այնպիսի նուաճումներով, ինչպէս օրինակ՝ Airbus-ը։ Բայց այդ երկար ճանապարհ է, որ առաջնորդներէն կը պահանջէ շատ աշխատանք, կամք եւ ներգրաւում: Կը կարծեմ նաեւ, որ մենք պէտք է տարանջատենք հասարակ մարդոց պատկերացումները իշխանութիւններու պատկերացումներէն։
Le spectacle du monde – Ի վերջոյ, չէ՞ք կարծեր, որ միջազգային իրաւունքը պէտք է զարգանայ՝ առաւել կարեւորութիւն տալով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին, քան թէ՝ սահմաններու անձեռնմխելիութեան։
Ռուբէն Վարդանեան – Այո՛, բայց կը ծագի նաեւ այն հարցը, թէ արդեօք ժողովուրդները կ՚ապրի՞ն բնականոն պայմաններու մէջ։ Ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել, որ մենք իրաւունքներ պիտի ունենանք, եթէ ըլլանք Ազերպայճանի քաղաքացիներ, այն պարագային, երբ իրենք՝ Ազերպայճանցիները, գրեթէ իրաւունքներէ զրկուած են իրենց իսկ երկրին մէջ։ Բացի ատկէ, մենք կ՚ապրինք մեր պապերու հողին վրայ, այստեղ ունինք մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթը, մեր կրօնը։ Մենք կ՚ուզենք պահպանել մեր ինքնութիւնը: Սա հնարաւոր չէ, եթէ դառնանք Ազերպայճանի քաղաքացիներ։ Այս ամէնը այն աստիճան կարեւոր է, որ մենք պէտք է յիշենք 20-րդ դարու ողբերգութիւնները: Պէտք է անպայման խուսափիլ որեւէ նոր ողբերգութենէ: Աւելի լաւ է խուսափիլ անկէ, քան հետագային գործ ունենալ անոր հետեւանքներուն հետ: Ահա թէ ինչո՛ւ ես յոյս ունիմ, որ Ազերպայճանի վրայ ճնշումները կը շարունակուին ու կը խոչընդոտուի անոր սկսածը։