«Պայքարել նշանակում է բոլոր ուղղութիւններով կատարել շատ մեծ, լուրջ, ամէնօրեայ աշխատանք»
Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար, Տեղեկատուական կեդրոնի ղեկավար Ռուբէն Վարդանեան Փետրուար 17-ին ընդլայնուած խորհրդակցութեան հրաւիրած է պետական մարմիններու, շրջաններու վարչակազմերու ղեկավարները:
Ան ներկայացուցած է իր պաշտօնավարման 100 օրերուն կատարուած եւ նախագծուած աշխատանքները՝ նշելով, որ հանգամանքներու բերումով հարիւրէն 67-ը եղած են շրջափակման օրերը։
Վարդանեան մանրամասնօրէն ներկայացուցած է կառավարութեան գործունէութեան սկզբունքները, առկայ մարտահրաւէրները, գերակայութիւններն ու այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնցմով իրագործուած են եւ պէտք է շարունակուին աշխատանքները։ Ան խօսած է նաեւ վտանգներու եւ չիրականացուած աշխատանքներու մասին:
Նկատելով, որ 35 տարի առաջ ճիշդ այս օրերուն ծայր առաւ Ղարաբաղեան շարժումը, Ռուբէն Վարդանեան նշած է, որ այսօր եւս Արցախահայութեան պայքարը կը շարունակուի: “Այն ժամանակ ժողովուրդը դուրս եկաւ հրապարակ եւ ասաց, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է լինի ազատ եւ հայկական։ Քչերն էին հաւատում, որ հնարաւորութիւն կայ այդ իրավիճակը փոխելու։ Բայց դուք դա արեցիք, եւ շատ խորհրդանշական է, որ մենք այս մասին խօսում ենք դարձեալ Փետրուարին եւ կանգնած ենք որոշում կայացնելու առջեւ”,– ըսած է ան, ու շարունակած. “Վերջին ամիսներին ես շատ եմ լսել՝ ի՞նչ է նշանակում պայքար։ Ես ասում եմ՝ պայքարելն առաջին հերթին կամք ունենալն է, երկրորդը՝ անում ես քայլեր, որոնք կարեւոր են։ Պայքարել չի նշանակում միայն պատրաստուել պատերազմի, պայքարել նշանակում է կատարել շատ մեծ, լուրջ, ամէնօրեայ աշխատանք բոլոր ուղղութիւններով”:
Նախարար Վարդանեան ընդգծած է, որ հակառակ ճգնաժամին ու շրջափակման դժուարութիւններուն` Արցախի մէջ մարդիկ պատրաստ են պայքարի եւ անտարբեր չեն. “Ճգնաժամը ցոյց տուեց, որ մենք շատ ուժեղ ժողովուրդ ունենք: Երբ կայ հաւատք, մարդիկ պատրաստ են դիմանալ ամէն ինչի: Արցախցու դիրքորոշումն օգնեց ո՛չ միայն Արցախցուն, այլ ամբողջ Հայկական աշխարհին։ Այդ առումով մենք պէտք է հասկանանք, որ այս միասնութիւնը, որը դրսեւորուեց այս օրերին, մեր յաջողութիւնն է, եւ մենք պէտք է կարողանանք դա պահպանել”,– եզրափակած է ան։