Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան անդրադարձած է Ազերպայճանի կողմէ Արցախի կազամատակարարման յաճախակի խզումներուն:
Նախարարը, այս կապակցութեամբ, Թուիթըրի իր էջին տեղադրած է հետեւեալ գրառումը.
«Ձմեռնային ցրտաշունչ ջերմաստիճանի եւ գերբեռնուած ուժանիւթային ցանցով Ադրբեջանը օգտագործում է այս մարտավարութիւնը՝ ստեղծելու վախ, անորոշութիւն եւ անասելի պայմաններ՝ հասնելու իր վերջնական նպատակին՝ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանմանը»: