«Պէտք է գտնենք խելացի լուծումներ ու պատրաստ լինենք պայքարի»
Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Դեկտեմբեր 17-ին հանդիպումներ ունեցած է Մարտակերտի շրջանի բնակչութեան հետ:
Նախարարին ուղեկցած են Արցախի Ազգային ժողովի երեսփոխաններ՝ «Ազատ հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան, «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեան, «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Մելքումեան:
«Պեյզ Մեթըլս» ընկերութեան աշխատակիցներու հետ հանդիպումին՝ խօսելով ստեղծուած իրավիճակին եւ Ազերպայճանի կողմէ իրագործուող քաղաքականութեան մասին, Ռուբէն Վարդանեան նշած է, որ Պաքու հետեւողականօրէն, քայլ առ քայլ կը փորձէ խուճապ ստեղծել եւ ճնշում բանեցնել Արցախցիներու վրայ, որպէսզի անոնք այստեղէն հեռանան. “Դա անում են յատուկ ռազմավարութեամբ՝ մաս-մաս կտրատելով մեր երկիրը՝ կիրառելով այսպէս կոչուած salami-slicestrategy։
Պարզ է նաեւ, որ նրանց գլխաւոր նպատակին հասնելու քայլերից մէկն այս գործատան աշխատանքը կանգնեցնելն է, որովհետեւ այն եկամուտների, աշխատանքի հնարաւորութիւն է տալիս մարդկանց։ Այս իրավիճակում երկու սցենար կայ. առաջինը պայքարելն է։ Պէտք է ընդունենք, որ Նոյեմբերի 9-ից յետոյ մենք խաղաղութիւն չենք ունեցել, ըստ էութեան պատերազմը շարունակւում է։ Հիմա տեղեկատուական լուրջ պատերազմ է ընթանում, իրենք ուզում են համոզել ողջ աշխարհին, որ այստեղ բնապահական խնդիր կայ, մինչդեռ իրականութիւնն այն է, որ սա շրջափակում է, մարդասիրական ճգնաժամ։ Այս պատերազմում յաղթելու համար մենք պէտք է համախմբուած լինենք եւ ամէն ինչ անենք, որ մեր դաշնակիցները զգան, որ մենք ուժեղ ենք։ Դու կարող ես օգնութեան յոյս ունենալ միայն այն ժամանակ, երբ ինքդ քո կողմից ամէն ինչ արել ես, ոչ թէ ասես՝ ես թոյլ եմ, փոքր եմ, եկէք ինձ օգնէք”,– ընդգծած է Պետական նախարարը:
“Երկրորդ սցենարը, Ադրբեջանի երազած տարբերակն է՝ այստեղից մեր հեռանալը, ինչն անընդունելի է։ Մենք դա երբեք չպէտք է թոյլ տանք։ Պատերազմը շարունակւում է, ու այս իրավիճակում մենք պէտք է կարողանանք կազմակերպուած դիմակայել։ Պէտք է գտնենք խելացի լուծումներ ու պատրաստ լինենք պայքարի։ Ես եկել եմ այստեղ ձեզ հետ միասին պայքարելու եւ յաղթելու, որ մեր կեանքը, ապագան կառուցենք անկախ, անվտանգ Արցախում”,– շեշտած է Վարդանեան:
Հանդիպման մասնակիցները վստահեցուցած են, որ ամուր կանգնած են իրենց հողին վրայ եւ պատրաստ են ամէն ինչ ընելու՝ իրենց տունն ու հայրենիքը պաշտպանելու համար:
Մարտակերտի Մշակոյթի տան մէջ Վարդանեան եւ երեսփոխանները հանդիպում ունեցած են շրջանի վարչակազմի, հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու, տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու եւ բնակչութեան հետ, պատասխանած են անոնց հարցումներուն, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին Արցախի անվտանգութեան, Ազերպայճանի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, եւ առկայ խնդիրներու յաղթահարման ուղղուած քայլերուն ու ելքերուն:
“Միակ ճանապարհը, որ մենք կարող ենք գնալ առաջ, միասին մէկ ուժեղ բռունցք դառնալն է, իրար նկատմամբ վստահութիւնը, յարգանքը, իրավիճակի լրջութեան գիտակցութիւնը։ Պէտք է հասկանանք ու գիտակցենք, որ բոլորս հաւասար ենք օրէնքի առջեւ։ Վստահութիւնը վերականգնելու համար մենք որդեգրել ենք թափանցիկ գործելաոճ, դրա համար եմ ես ամէն օր անձամբ տեղեկացնում մեր քայլերի մասին, որպէսզի նաեւ այդպէս յաղթահարենք ապատեղեկատւութիւնը”,– ըսած է նախարարը: ■