Այս տարի լրացան հայկական «Ակօս» թերթի խմբագիր, Թուրքիոյ երեւելի մտաւորականներէն մէկուն՝ Հրանդ Տինքի հրէշաւոր սպանութեան 15-րդ եւ Պաքուի ջարդերուն 32-րդ տարելիցները։ Այս առթիւ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Տաթեւ եպիսկ. Յակոբեանի հանդիսապետութեամբ, Յունուար 23-ին, Պուքրէշի Սրբոց Հրեշտակապետաց մայր տաճարին մէջ մատուցուած է պատարագ՝ Օշական քահանայ Խաչատրեանի ձեռամբ, որու աւարտին տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Հրանդ Տինքի եւ Պաքուի ջարդերուն զոհ գացած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար: Արարողութեան ներկայ եղած են թեմական եւ ծխական խորհուրդներու անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
«Հրանդ Տինքը վառ անհատականութիւն էր, որ բոլոր հարթակներէն կը պահանջէր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, չհերքել պատմական իրողութիւնը եւ մերժողական դիրքորոշմամբ յանցակից չդառնալ Երիտասարդ թուրքերու եւ օսմանեան իշանութիւններուն: Սակայն ժամանակակից Թուրքիոյ իշխանութիւնները ընտրեցին խնդրի լուծման այլ ճանապարհ մը՝ սպանութեան, ոճրագործութեան եւ յառաջդիմական գաղափարներ կրող վառ անհատականութիւնը լռեցնելու յանցաւոր ու անմարդկային ճանապարհը: Սակայն այս քաղաքական ու գաղափարական սպանութիւնը, ի հեճուկս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, լիովին հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ: Ինչպէս Թուրքիոյ մէջ, այնպէս ալ աշխարհի չորս կողմերը, Հրանդ Տինք ունեցաւ հարիւրհազարաւոր գաղափարակիցներ, որոնց շարքին նաեւ բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ, որոնք մինչեւ այսօր կը պայքարին աւելի ժողովրդավար ու քաղաքակիրթ երկիր մը ունենալու երազին իրականացման համար:
Իսկ 1990 թուականի Յունուար 13-էն 19 Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ջարդը, հայ ընտանիքներու գազանաբարոյ սպանութիւններն ու արտաքսումը միանշանակ կրնանք կոչել ցեղասպանութիւն։ Ռումանիոյ Հայոց թեմը եւ Ռումանահայութիւնը կը յիշէ իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ահաւոր սպանութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով աշխարհին եւ դատապարտելու կոչ ուղղելով։ Ռումանահայութիւնը կը շարունակէ պայքարիլ յանուն արդարութեան եւ ոճրագործներու դատապարտութեան: Եւ քանի դեռ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ չէ մոռցուած մեր պատմութիւնը, հայ ազգը պիտի շարունակէ ապրիլ, արարել, ստեղծագործել՝ կերտելով աւելի լուսաւոր ապագայ, բայց երբեք չմոռնալով անցեալի մութ ու խաւար էջերը:
Գլուխ կը խոնարհենք Պաքուի անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ եւ լիայոյս ենք, որ հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած յանցագործութիւններն ու ոճրագործութիւնները պիտի արժանանան համապատասխան գնահատականի եւ պիտի դատապարտուին համայն մարդկութեան կողմէ:
Կ’աղօթենք բոլոր նահատակներու հոգիներու հանգստութեան եւ խաղաղութեան համար՝ հայցելով Բարձրեալն Աստուծոյ ողորմութիւնը: Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. Ամէն»,– նշուած է Ռումանահայոց առաջնորդարանի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Ռումանիոյ մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու ամուսիններուն ներկայացուած է հայկական քոնիակը
Ռումանիոյ տարածքին հայկական արտադրանքի մասին տեղեկատւութեան միջոցառումներու շրջածիրէն ներս, Պուքրէշի հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ հիւրընկալուած են դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն ամուսինները:
Նախքան համեղ քոնիակի համտեսումը, հիւրերուն ներկայացուած է հայկական քոնիակագործութեան պատմութիւնը, հռչակաւոր «ARARAT» քոնիակի արտադրութեան արհեստագիտութիւնն ու տեսակները եւ անոր բոյրով մոմերու պատրաստութեան աշխատանքը:
Լուրը հաղորդած է Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։