Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը կ՚օժանդակէ Ուքրաինայէն փախչող ՀՀ քաղաքացիներուն

Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը օգնութիւն կը ցուցաբերէ Ուքրաինայէն փախչող եւ աջակցութեան կարիք ունեցող  ՀՀ քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ ազգութեամբ հայ ուքրաինացի քաղաքացիներուն։

Դեսպանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Մարտ 1-էն Ուքրաինայի եւ Մոլտովայի սահմանամերձ Պոթոշանի քաղաքին մէջ կը գործէ Ռումանիոյ ՀՀ հիւպատոսութեան առժամեայ գրասենեակը։ Բացման պահէն ի վեր հոն անհրաժեշտ օժանդակութիւն կը ցուցաբերուի եւ խորհրդատւութիւն կը կատարուի ՀՀ քաղաքացիներուն:

ՀՀ դեսպանութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի Ռումանիոյ պատկան մարմիններուն հետ։ Այդպէսով ալ կը կազմակերպուի մեր հայրենակիցներուն մուտքը Ռումանիա, ինչպէս նաեւ՝ վերադարձը հայրենիք։

Հայ գաղթականներուն կ՚օժանդակեն նաեւ Պոթոշանի, Պայա-Մարէ, Սուչաւա եւ Թուլչա քաղաքներուն մէջ գործող հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչները եւ օտարազգի կամաւորներ։