Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Հայաստան այցելութիւնը

Երկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ռուսաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Սերկէյ Լաւրով Մայիս 21-ին նախ գլուխ-գլխի հանդիպում ունեցած է իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ, այնուհետեւ տեղի ունեցած է կողմերու ընդլայնուած կազմով նիստը։ Ապա նախարարները ստորագրած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ԱԳ նախարարութեանց միջեւ 2025-2026 տարեշրջանին համար խորհրդակցութիւններու ծրագիրը։

Միացեալ մամլոյ ասուլիս

Նոյն օրը տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին Լաւրով յայտարարած է, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ խնդիրները Մոսկուայի համոզումով՝ պէտք է լուծուին նախ եւ առաջ տեղւոյն երկիրներուն եւ անմիջական դրացիներուն կողմէ:

“Որեւէ առումով դէմ չենք, որ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրները իրենց յարաբերութիւնները զարգացնեն այստեղ գտնուող երկիրներուն հետ, այն ընկալումով, որ նման համագործակցութիւնը չմիտի տարածաշրջանին մէջ լարում ստեղծելու, աշխարհաքաղաքական խաղերու համար անտեսելով հոս գտնուող երկիրներու շահերը”,– ընդգծած է Ռուսաստանի ԱԳ նախարարը: Ան խօսած է նաեւ տարածաշրջանային «3+3» ձեւաչափի մասին՝ նշելով, որ յաջորդ հանդիպումը հիւրընկալել փափաքողները՝ Հայաստան եւ Ազերպայճան, կրնան իրարու հետ պայմանաւորուիլ:

“Համաձայն ենք, որ յաջորդ երկու հանդիպումները տեղի ունենան Հայաստանի եւ Ազերպայճանի մայրաքաղաքներուն մէջ”,– աւելցուցած է ան։

Իսկ Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է.

“Այսօրուան բանակցութիւնները բաւական ընդգրկուն էին եւ միաժամանակ բաւական շինիչ, հարցերու շրջանակը բաւական լայն էր։ Երկուստեք ընդգծեցինք կարեւորութիւնը Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ բարձր մակարդակի եւ շարունակական քաղաքական երկխօսութեան՝ հիմնուած Հայաստանի եւ Ռուսաստանի շահերուն եւ առաջնահերթութիւններուն վրայ։

(…) Մեր յարաբերութիւններուն մէջ տեսանելի են եւ էական դեր ունին տնտեսական կապերը։ Մենք ունինք փոխշահաւէտ եւ բաւական յաջողած փոխգործակցութիւն ԵԱՏՄ-ի շրջանակին մէջ։ Ի հարկէ, տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման ներուժը ամբողջութեամբ չ՚իրագործուիր, եւ մենք վստահ ենք, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, փոխադրական ենթակառոյցներու վերագործարկման հնարաւորութեան պարագային մեր տնտեսական համագործակցութիւնը եւս էապէս պիտի զարգանայ:

(…) Երկկողմ օրակարգային հարցերուն զուգահեռ, բնականաբար, անդրադարձ կատարեցինք տարածաշրջանային զարգացումներուն, խօսեցանք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերող համաձայնագրի կնքման հարցին մէջ Հայաստանի հետեւողական ջանքերուն մասին: Կը յուսանք, որ համաձայնագիրը ոչ շատ հեռու ապագային կը ստորագրուի եւ անոր նպատակը կեանքի կը կոչուի”։

ՓաշինեանԼաւրով հանդիպումը

Նոյն օրը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Լաւրովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով հիւրերը՝ վարչապետը անդրադարձած է Հայաստան–Ռուսաստան յարաբերութիւններու ներկայի իրավիճակին։
Ռուս նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար, ընդգծելով Ռուսաստանի պատրաստակամութիւնը զարգացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ:

Հանդիպումին զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմ օրակարգին, ԵԱՏՄ-ի շրջանակին մէջ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: