Ռուսաստանի Հայերու միութիւնը բարեսիրական մեծածաւալ ծրագրեր կ՚իրականացնէ ռազմական գործողութիւններէն տուժած Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու, ինչպէս նաեւ «ազատագրուած» տարածքներու բնակչութեան համար։ «Sputnik Արմենիա»-ի համաձայն՝ լուրը հաղորդած են միութեան պատասխանատուները։
Ռուսաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան բեռնատարներու շարասիւները Մարտ 31-էն ի վեր Ռուսաստանի Հայերու միութեան տրամադրած մարդասիրական բեռները կը հասցնեն տուժած քաղաքացիներուն։
Միութեան տուեալներով` արդէն իսկ մատակարարուած մարդասիրական բեռներու ընդհանուր ծաւալը շուրջ 500 թոն կը կազմէ։ Ապրիլի առաջին կիսուն աւելի քան 30.000 ընտանիք երկար ժամանակ դիմացող ապրանքներ կը ստանայ։