Ռուսաստանի մէջ Սպանիոյ դեսպանութիւնը թուիթըրեան հայերէն գրառումով մը իր աջակցութիւնը յայտնած է Եւրոպական Միութեան Ապահովութեան եւ Արտաքին գործոց բարձրագոյն յանձնակատար Խոսէփ Պորէլի յայտարարութեան։ Գրառման մէջ ըսուած է.
«Սպանիա կ՚աջակցի Խոսէփ Պորէլի յայտարարութեան՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետ կապուած մարդասիրական իրավիճակի վերաբերեալ։ Ազերպայճանի իշխանութիւնները պէտք է շատ արագ ապահովեն անվտանգ ու ազատ տեղաշարժը միջանցքով եւ կանխեն ճգնաժամի սրումը»։
Յիշեցնենք, որ Յուլիս 26-ին Պորէլ յայտարարած էր, որ «Աղդամէն (Ակնայ) ապրանքներու մատակարարումը պէտք չէ դիտարկուի որպէս Լաչինի (Բերձոր) միջանցքի բացման այլընտրանք»։
Նշենք նաեւ, որ Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ ալ յայտարարած էր, թէ «անընդունելի է պնդելը միայն Լաչինի ճանապարհի օգտագործման վրայ, եւ մերժելն ու փակելը Աղդամի ճանապարհը, եւ հարցը քաղաքականացնելը»։