Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռուսաստան ետ պիտի գնէ հրթիռները, որոնց համար Հայաստանի մէջ կը դատուի Դաւիթ Գալստեան

Ըստ «Փաստ» օրաթերթին՝ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մինչեւ 2027 թուականը պիտի օժտուի ՄԻ-28 մակնիշի 98 նոր ուղղաթիռներով, որոնք պիտի սպառազինուին С-8 տեսակի, 80 միլիմեթր տրամաչափի հրթիռներով։ Հրթիռները մշակուած են անցեալ դարու 60-ական թուականներուն, զանգուածաբար գործածուած են Աֆղանիստանի մէջ, ուր բարձր արդիւնաւէտութիւն ցուցադրած են։ Այդ հրթիռներէն կը գնէին խորհրդային, ապա ռուսական սպառազինութիւն ձեռք բերող երկիրները, ինչպէս՝ Հայաստանը։ Այժմ, նոյն Ռուսաստանը 9,7 միլիառ ռուբլի յատկացուցած է 1991 թուականին արտադրուած այդ հրթիռներէն գնելու համար։ Խօսքը ժամանակին Ռուսաստանի մէջ արտադրուած եւ այլ երկիրներ մատակարարուած նոյն հրթիռներու մնացորդներու մասին է:

Այս տեղեկութիւնը Հայաստանի համար ուշագրաւ է այն իմաստով, որ ներկայիս Հայաստանին զէնք մատակարարող ընկերութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեան (Փաթրոն Դաւիթ) եւ Պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյան կը մեղադրուին անորակ հրթիռներ գնելու յանցանքով: Խօսքը կը վերաբերի նաեւ վերոնշեալ հրթիռներուն: Դաւիթ Գալստեան տարիներ առաջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պատուէրով գնած եւ փոխանցած է խնդրոյ առարկայ հրթիռներէն 4232 հատ։ Եւ  այն փաստը, որ Ռուսաստան ոչ միայն այլեւս չի վաճառեր, այլեւ սկսած է ետ գնել այդ հրթիռները, քանի որ անոնց քանակը բաւական քիչ է, ինքնին կը վկայէ, որ այդ հրթիռները որակեալ են եւ դեռ օգտագործելի: