Համազգայինի «Փենելոփէ» ներկայացումէն դրուագ մը
Մայիս 23-ին, Մոսկուայի պետական Քրեմլինեան պալատին մէջ հանդիսաւոր բացումը կատարուած է «Ա. Չեխով» 17-րդ միջազգային թատերական փառատօնին, որուն Հայաստան կը մասնակցի երկու բեմադրութիւններով։
Հեղինակաւոր միջազգային սոյն փառատօնին հայկական կողմէն կը մասնակցին «Կ. Սթանիսլավսքի» ռուսական դրամատիկական թատրոնը՝ «Դրամ, կիրք, իշխանութիւն» ներկայացումով եւ «Սօս Սարգսեան» Համազգայինի թատրոնը՝ «Փենելոփէ» թատերգութեան բեմադրութեամբ։
Փառատօնին բացումը յատկանշուած է չինական «Բանաստեղծական պարի արուեստը․ առասպելական բնանկարի ճամբորդութիւնը» ներկայացումով, որ չինական հնագոյն գեղանկարչութեան շունչով հիւսուած պատմութիւն մըն է։
Փառատօնի յայտագրին մէջ ընդգրկուած են 13 ներկայացումներ՝ 12 երկիրներէ՝ Հայաստան, Արժանթին, Պահրեյն, Պրազիլ, Հնդկաստան, Իրան, Ղազախստան, Չինաստան, Գոլոմպիա, Լիբանան, Ֆրանսա եւ Հարաւային Ափրիկէ։
Բեմադրութիւնները ներկայացուած են տարբեր ոճերով՝ պարային, թատերական, տիկնիկային եւ այլն։
Թատերգութիւնները պիտի ներկայացուին Մոսկուայի նշանաւոր սրահներուն մէջ, ներառեալ՝ Մոսկուայի պատանի հանդիսատեսի թատրոնը, «Պուշկին» թատրոնը, ինչպէս նաեւ Մեծ թատրոնի նոր բեմին վրայ։
«Չեխով» թատերական փառատօնը կը շարունակուի մինչեւ Յուլիս 25, եւ այս տարի նուիրուած է թատրոնի եւ շարժանկարի ռուս դերասան, բեմադիր Քիրիլ Լավրովի ծննդեան 100-ամեակին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։