Մոսկուայի պետական պատմական թանգարանի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցած է «Նայիրի» ազգային-մշակութային կեդրոնի 10-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը։ Այդ առթիւ ներկայացուած են հայ արուեստագէտներու եւ վարպետներու աշխատանքները։ Այս մասին կը տեղեկանանք «Նայիրի» մշակութային կեդրոնի հրապարակած հաղորդագրութենէն, ուր նշուած է, թէ կեդրոնը իր գործունէութեան ընթացքին իրագործած է բազմաթիւ ձեռնարկներ, նուիրուած՝ հայապահպանութեան, հայկական մշակոյթի տարածման, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայոց պատմութեան հետաքրքրական էջերուն։