Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարած է, թէ իր երկիրը հսկայական զօրաշարժի ուժ ունի։ “Մասնակի զօրահաւաքը կը ներգրաւէ 300 հազար պահեստային, որոնք ծառայած են, որոնք մարտական փորձառութիւն ունին, որոնք զինուորական մասնագիտութիւն ունին։ Անոնց թիւը շուրջ 25 միլիոն է։ Այս մէկը մասնակի զօրահաւաք է՝ 1 տոկոսէն քիչ մը աւելի… 300 հազար պահեստային, որոնք կը զօրակոչուին”,– ըսած է Շոյկու, Սեպտեմբեր 21-ին, «Ռոսիա 24»-ի կատարած հաղորդումէն։
Նշենք որ նոյն օրը, առաւօտեան, Ռուսաստանի նախագահ Փութին հեռատեսիլէն ունեցած իր ուղերձին մէջ,– որ Ուքրաինայի դէմ պատերազմի հարցին նուիրուած էր,– արդէն յայտարարած էր այս մասին, աւելցնելով որ՝ իր երկիրը, ի պահանջել հարկին, ամէն միջոցի պիտի դիմէ, ներառեալ հիւլէականին, «Արեւմուտքի դէմ պաշտպանելու համար»։