Մարտ 14-ին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Կ’ողջունենք խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծին շուրջ բանակցութեանց աւարտը եւ Ազերպայճանի ու Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութեանց հաստատումը։
Կ՚աջակցինք հայ-ազերպայճանական յարաբերութեանց լիարժէք եւ համապարփակ կարգաւորման ուղղուած այս կարեւոր քայլին, ինչպէս նախատեսուած էր 2020-2022 թուականներուն Ռուսաստանի, Ազերպայճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնագրերով։ Նպատակ ունինք բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջխաղացքին եւ Պաքուի ու Երեւանի միջեւ մնացեալ խնդիրները լուծելու, ներառեալ՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման համար, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման, ընդհանուր սահմանի զատման եւ մարդասիրական հարցերու առնչութեամբ՝ մեր գործընկերներու համար ընդունելի եղանակով եւ ձեւով։ Հայ-ազերպայճանական յարաբերութեանց կարգաւորման գծով Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Ի.Ա.Խովաեւ պատրաստ է այցելելու Պաքու եւ Երեւան՝ համապատասխան խորհրդակցութիւններու համար։
Կը հաստատենք մեր առաջարկը՝ ռուսական հարթակ տրամադրելու Ազերպայճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն՝ հայ-ազերպայճանական յարաբերութեանց կարգաւորման հարցերու քննարկման, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու համար»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։