Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ–Վլատիվոսթոք – Փաշինեան.– “Կը յուսանք Ռուսաստանի աջակցութեամբ բնականոնացնել մեր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ”

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վլատիվոսթոքի մէջ կայացող Արեւելեան տնտեսական համաժողովի լիագումար նիստին յայտարարած է, թէ՝ Հայաստան կը յուսայ Ռուսաստանի աջակցութեամբ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնել Թուրքիոյ հետ։

Ան աւելցուցած է, որ Ազերպայճանի հետ ներկայիս աշխուժ բանակցութիւն կ՚ընթանայ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման շուրջ։ “Եւ այս հարցին մէջ եւս կ՚ապաւինինք Ռուսաստանի աջակցութեան՝ ո՛չ միայն իբրեւ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից, այլ նաեւ Ազերպայճանի մօտիկ գործընկեր։ Կը փափաքէի նաեւ ընդգծել Ռուսաստանի դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ, որ կը զբաղի ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորմամբ”,– ըսած է Հայաստանի վարչապետը։

Այս համածիրին մէջ ան նշած է, թէ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի փոխվարչապետերու համանախագահութեամբ՝ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ երթեւեկութեան բոլոր կապերը ապաշրջափակելու ուղղութեամբ գործող եռակողմ աշխատանքային խումբը, դրական յառաջընթաց արձանագրած է, յիշեցնելով որ՝  2020 Նոյեմբեր 9-ին Ռուսաստանի նախագահի անձնական ջանքերուն շնորհիւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտը կը վերաբերի տարածաշրջանի երթեւեկութեան եւ տնտեսական ուղիներու ապաշրջափակման:

“Անկէ յետոյ, 2021 Յունուար 11-ին, այս անգամ Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազերպայճանի նախագահին հետ ստորագրեցինք յայտարարութիւն մը՝ եռակողմ աշխատանքային խումբ ստեղծելու մասին՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի և Ազերպայճանի փոխվարչապետերու գլխաւորութեամբ, որ կը զբաղի մեր տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու բացման հարցով:

Այդ նախագծին գաղափարն այն է, որ Հայաստան կը ստանայ երթեւեկութեան ուղիներ Ազերպայճանի տարածքով, Ազերպայճան կը ստանայ ուղիներ Հայաստանի տարածքով, բայց ընդհանուր առումով ան միջազգային նոր առեւտրային ուղիներու բացում կը սեպուի:

Կը յուսամ, որ մօտ ապագային Ռուսաստանի օգնութեամբ կը յաջողինք լուծել այդ հարցը: Այստեղ, ի հարկէ, դեռ կը մնան հարցեր, քանի որ պէտք է լուծել իրաւական հարցերը, թէ ինչպիսի՞ իրաւական կարգաւորումներով պէտք է աշխատին այդ ճանապարհները: Ընդհանուր դիրքորոշումը յստակ է, որ բացուող ճամբաները պէտք է գործեն ա՛յն երկիրներու լիակատար ինքնիշխանութեան ներքոյ, որոնց տարածքներով կ՚անցնին անոնք: Այդ սկզբունքի հիման վրայ մենք պիտի յաջողինք իրագործել սոյն նախագիծը, զոր ի դէպ, տրամաբանօրէն կ՚անուանենք հայկական խաչմերուկ”,– ըսած է վարչապետը:

Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ  Հայաստանի տարածքով կ՚անցնին ճանապարհները, որոնք կը կապեն Արեւելքը Արեւմուտքի եւ Հարաւը Հիւսիսի հետ:

“Կը կարծեմ, որ այդ նախագիծը ո՛չ միայն կարեւոր է տարածաշրջանային երկիրներու՝ Հայաստանի, Իրանի, Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ, այլ նաեւ Ռուսաստանի, Հեռաւոր Արեւելքի եւ Արեւելքի, Ափրիկէի երկիրներուն համար”,– եզրակացուցած է ան:

Փաշինեան իր ելոյթին նաեւ մատնանշած է, թէ ստեղծուած համաշխարհային լարուած կացութիւնը, միջազգային հանրութեան եւ Ռուսաստանի ուշադրութեան կեդրոնացումը Ուքրաինական հարցին՝ կրնայ յանգեցնել Հարաւային Կովկասի իրավիճակի ապակայունացման։

Ան յիշեցուցած է, որ նման իրավիճակ ստեղծուեցաւ 2020-ին, երբ Ազերպայճան՝ օգտուելով այն հանգամանքէն, որ համաշխարհային հանրութեան եւ Ռուսաստանի ուշադրութիւնը սեւեռած էր համաճարակին վրայ, պատերազմ սկսաւ։ “Մենք կը յուսանք, որ սերտ համագործակցելով միջազգային գործընկերներու եւ Ռուսաստանի հետ՝ Հայաստան պիտի կարենայ կառավարել տարածաշրջանի իրավիճակը։ Այս հարցը կարեւոր է նաեւ համաշխարհային անվտանգութեան համար”,– շեշտած է Փաշինեան։

Փութին.– “Հայաստան մեզի համար օտար երկիր չէ”

Նոյն նիստին ելոյթ ունենալով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին մեկնաբանելով ռուսական ընկերութիւններու Հայաստան փոխադրուելու պարագան յայտնած է որ՝ իր երկիրը կ՚ողջունէ այն ամէնը, ինչ որ օգտակար է ռուսական գործարարութեան համար։ “Հայաստանը մեզի համար օտար երկիր չէ, մեզի մօտ է, եւ կարելի է աշխատիլ Երեւանի մէջ։ Եթէ Ռուսաստանցիներու համար հոն աշխատիլը նպատակայարմար ու ձեռնտու է, ապա՝ թող հոն աշխատին, ատոր մէջ ո՛չ մէկ արտառոց բան կայ։ Միւս կողմէ, շատեր արդէն վերադարձած են, հասկնալով որ՝ հակառակ պատիժներուն Ռուսաստանի մէջ ամէն բան կը գործէ”,– ըսած է Փութին, եզրակացնելով որ՝ «կարելի է աշխատիլ Երեւանի մէջ, իսկ ապրիլ՝ Մոսկուա»։

Համաժողովի շրջանակին մէջ, Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպումին՝ նախագահ Փութին յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին կապակցութեամբ ինք արդէն մնայուն կապի մէջ է Հայաստանի վարչապետին հետ։