Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սաուտական Արաբիա 5 միլիառ տոլար աւանդ կը ներդնէ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան մէջ

Սաուտական Արաբիոյ Ելեւմուտքի նախարարութեան բանբերը յայտարարած է Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան մէջ 5 միլիառ տոլար աւանդ ներդնելու Ռիատի մտադրութեան մասին:

«Reuters» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին՝ արաբ պաշտօնատարը ըսած է, որ այս հարցով թրքական կողմին հետ բանակցութիւնները եզրափակիչ փուլին են: 

Նշենք, որ թրքական լիրայի՝ տոլարի նկատմամբ շարունակական արժեզրկման պայմաններուն մէջ Թուրքիա իր Կեդրոնական դրամատան տարադրամի պահեստները լրացնելու նպատակով 4,9 միլիառ տոլար swap-ի (փոխադարձ վարկի գործարք) շուրջ համաձայնած է նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն (ԱՄԷ) հետ: Բացի ատկէ, ԱՄԷ-ն յայտարարած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ 10 միլիառ տոլար ներդրում կատարելու մասին:

Թուրքիա նման համաձայնութիւններ կնքած է նաեւ Չինաստանի եւ Քաթարի հետ։ Այս բոլոր գործարքներու համընդհանուր գումարը կը գնահատուի շուրջ 28 միլիառ տոլար։