Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի Հայաստանի ազգային հարթակը (EaP CSF Armenian National Platform) հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ սարսափելի մանրամասնութիւններ ի յայտ եկած են. Ազերպայճանի բանտին մէջ արդէն 14 օրէ ի վեր հացադուլը շարունակող Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գլուխը երկաթով աքցանած ու լլկած են…։
Կազմակերպութիւնը նաեւ հաղորդած է, թէ իրաւապաշտպանները փաստուած տուեալներ ունին, որ Ազերպայճանի մէջ ոչ թէ 23 այլ նուազագոյնը 80 հայ գերիներ կը գտնուին։
«Գերիները Պաքուի մէջ կ՚ենթարկուին չարչարանքներու եւ հոգեբանական խոշտանգումներու, իսկ միջազգային համբաւ վայելող բարերար Ռուբէն Վարդանեանի դատը վերածուած է ստալինեան հաշուեյարդարի»,– նշուած է Կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Ռուբէն Վարդանեանի աջակիցները՝ 40–է աւելի հասարակական կազմակերպութիւններ, քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներ Մարտ 3-ին բողոքի ցոյց մը կատարած են Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի (ԿԽՄՅ) գրասենեակին առջեւ՝ Վարդանեանի կեանքի փրկութեան եւ բոլոր հայ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան պահանջով։
ԿԽՄՅ-ի հաղորդակցութեան ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունի ցուցարարներուն յայտնած է, թէ իրենց կազմակերպութեան բժիշկը այցելած է Ռուբէն Վարդանեանին։
“Մեր բժիշկը տեսակցած է բանտախուցը գտնուող անձին հետ, իսկ մեր պատուիրակները Փետրուար ամսուն այցելած են բոլոր հայ գերիներուն”,– հաղորդած է ան։
ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատար Վոլքըր Թիւրք պահանջած է ազատ արձակել Պաքուի մէջ ապօրինի բանտարկուած հայերը։ Լուրը կը հաղորդէ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։
Արդարեւ, Մարտ 3-ին Ժընեւի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանին ունեցած իր ելոյթին ՄԱԿ-ի Յանձնակատարը առանձնացուցած է Ազերպայճանի մէջ ապօրինի բանտարկուած բոլոր անձանց, անոնց մէջ՝ ազգութեամբ հայերու խնդիրները՝ նշելով, թէ անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին եւ արդար դատաքննութեան անոնց իրաւունքները պէտք է ամբողջովին պահպանուին:
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ անմիջապէս հակազդած է ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատարի՝ հայ գերիները ազատ արձակելու մասին յայտարարութեան։
“Միայն ճշմարտութեան բացայայտումով եւ յանցագործութիւններու հետեւանքներու վերացումով խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը կը յաղթեն անպատժելիութեան”,– ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներուն՝ ըսած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։