Սեբաստիոյ (թրքական պաշտօնական անուանումը՝ Սիվաս) Կեմերեք գաւառը գտնուող հայկական գերեզմանոցը գաւառապետարանին կողմէ պահպանութեան տակ առնուած է։ Այս մասին հաղորդած է Akunq.net՝ յղում ընելով թրքական լրասփիւռներուն։
Աղբիւրին համաձայն՝ Կեմերեքի գաւառապետարանը գերեզմանոցին շուրջ պատ կառուցած է՝ այդպէսով առանձնացնելով հին հայկական գերեզմանատունը։ Թրքական աղբիւրը յայտած է նաև, որ գաւառի բնակիչները դրական գնահատած են գաւառապետարանի կողմէ պատմական գերեզմանոցի պահպանման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը։