Օհանաւան գիւղի հիւսիսարեւելեան կողմը կը գտնուի աւերակ եկեղեցին եւ հին բնակատեղի՝ երբեմնի Սերկեւիլ գիւղի հետքերը։ Պատմաբան Արմէն Ասատրեան կը պատմէ, թէ 1021-ին իշխան Վասակ Պահլաւունի իր հինգ հազար զինուորներուն հետ, վահան դառնալով՝ փակեց դէպի Անի արշաւող թուրք-սելճուկներու ճանապարհը եւ յաղթեց թշնամիին։
Սակայն գիւղն ու եկեղեցին, կրկնուող երկրաշարժերու հետեւանքով, աստիճանաբար աւերուած են եւ բնակութեան համար դարձած անյարմար։ Սերկեւիլը կը գտնուի հարուստ մշակութային հողի վրայ։ Ներկայիս խիստ կարեւոր է այդ շրջանին մէջ հնագիտական պեղումներ իրականացնել եւ ամբողջական աւերումէ փրկել Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։