Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍԵՐՊԻԱ – Երեւանի սենեկային երգչախումբը արժանացած է Կայսր Կոնստանդին Մեծի շքանշանին

Երեւանի սենեկային երգչախումբը վերջերս Սերպիոյ մէջ մասնակցած է եկեղեցական երաժշտութեան միջազգային փառատօնին, ուր ներկայացուցած է երկու համերգ՝ Սերպիոյ Նիշ քաղաքի «Սուրբ Երրորդութիւն» մայր տաճարին եւ Պելկրատի Սուրբ Սաւա եկեղեցւոյ մէջ։

Համերգներու ընթացքին հնչած են Մեսրոպ Մաշտոցի, Կոմիտասի, ինչպէս նաեւ հայ ժամանակակից երգահաններու խմբերգերը։

Փառատօնի աւարտին Երգչախումբը արժանացած է Կայսր Կոնստանդին Մեծի շքանշանին:

Նշենք, թէ սոյն փառատօնը՝ Music Edict, 2009-էն ի վեր տեղի կ՚ունենայ երկու տարին անգամ մը, որու ընթացքին մասնակիցները կը ներկայացնեն իրենց երկիրներու հոգեւոր երաժշտութիւնը՝ մայրենի լեզուով։

Փառատօնը կը կազմակերպուի Կոնստանդին Մեծի ծննդավայր Նիշ քաղաքին մէջ՝ ընդգծելու համար տեղւոյն նշանակութիւնը՝ որպէս քրիստոնէական աշխարհի կարեւոր կեդրոններէն մէկը, որ կը հանդիսանայ պատմական կամուրջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ։