Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սերտար Քըլըչ. «Հայաստան եւ Թուրքիա համաձայնած են նոր թափ հաղորդել երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանը բանալու աշխատանքներուն»

 

Փետրուար 15-ին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւններու ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ յայտարարած է, թէ  Հայաստան եւ Թուրքիա համաձայնած են նոր թափ հաղորդել հայ-թրքական սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիների համար բանալու աշխատանքներուն:

“Երկու նախարարները (Միրզոյեան եւ Չաւուշօղլու) համաձայն են, որ կարելիին չափ արագ բացուի Մարգարայի կամուրջը”,– ըսած է Քըլըչ, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման արդիւնքներուն։