Սեւրի Սամուէլ Մուրատ վարժարանի միութեան հաղորդագրութիւնը

Փարի­զի Վե­րաքննիչ ատեանի 2024 Սեպ­տեմբեր 10-ին կա­յացուցած վճի­ռին հա­մաձայն, եւ այս նպա­տակով նշա­նակուած ժա­մանա­կաւոր վա­րիչի հրա­ւէրով` Ուրբաթ, 4 Ապ­րիլ 2025-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ [Սեւրի] Սա­մուէլ Մու­րատ վար­ժա­րանի միու­թեան ընդհա­նուր ժո­ղովը, որուն ըն­թացքին ընտրուեցաւ միու­թեան նոր վար­չութիւն` հետեւեալ կազմով.

– Մխի­թարեան Միաբա­նու­թիւն

– Հ. Պօ­ղոս (Վի­գէն) վրդ. Գո­ճանեան

– Հ. Եղիա (Պետ­րոս) վրդ. Քի­լաղ­պեան

– Հ. Վա­հան (Վի­գէն) վրդ. Օհա­նեան

– Հ. Նա­րեկ (Ճորճ) վրդ. Տա­տու­րեան

– Հ. Հա­մազասպ (Փա­նոս) վրդ. Քէ­շիշեան։

Նո­րըն­տիր վար­չութիւ­նը իր անդրա­նիկ նիս­տին որո­շեց նոր վար­չա­կան գոր­ծա­դիր մար­մին, հե­տեւեալ պաշ­տօննե­րով.

– Նա­խագահ` Հ. Նա­րեկ վրդ Տա­տու­րեան

– Փոխնա­խագահ` Հ. Հա­մազասպ վրդ. Քէ­շիշեան

– Քար­տուղար` Հ. Եղիա վրդ. Քի­լաղ­պեան

– Գան­ձա­պահ` Հ. Վա­հան վրդ. Օհա­նեան։

Վար­չութիւ­նը հան­դի­սաւոր կեր­պով վե­րահաս­տա­տեց իր նուիրուածու­թիւնը Միու­թեան կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շատա­կի եռա­կի առա­քելու­թեան եւ առա­քելու­թիւնը կա­տարե­լու հա­մար Սեւ­րի հայ­կա­կան վար­ժա­րանի տա­րած­քի պահ­պանման։

Յա­ջոր­դա­բար հա­զիւ Միու­թեան դի­ւանը եւ թղթա­բանու­թիւնը տրա­մադ­րե­լի դառ­նայ պի­տի ու­սումնա­սիրուին վեր­ջին հինգ տա­րինե­րու գոր­ծունէու­թիւնը եւ հա­շուեկ­շի­ռը եւ նա­խաձեռ­նած ծրա­գրե­րու իրա­կանաց­ման գոր­ծընթա­ցը։

Վար­չութիւ­նը շու­տով պի­տի քննար­կէ միու­թեան նոր ուժե­րով հա­մալրման հնա­րաւո­րու­թիւնը՝ ըն­դունե­լով նոր ան­դամներ, որոնք կա­պուած ըլ­լան վար­ժա­րանին եւ մտա­հոգ՝ անոր ներ­կա­յով ու ապա­գայով։ 

Միու­թեան խոր­հուրդը շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնէ հայ գա­ղու­թի բո­լոր ան­դամնե­րուն, որոնք միշտ սրտակ­ցութիւն ցու­ցա­բերած եւ սա­տար կանգնած են Վար­ժա­րանին ու անոր առա­քելու­թեան եւ որոնք պի­տի շա­րու­նա­կեն ապա­գային նաեւ անոր զօ­րավիգ կանգնիլ եւ օգ­տա­կար դառնալ։ ■