Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սինկափուրի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան բացումը կատարուած է

Մայիս 16-ին, Սինկափուրի մէջ  տեղի ունեցած է Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան պաշտօնական բացման արարողութիւնը։

Ներկայ գտնուած են Սինկափուրի մէջ Հայաստանի դեսպան Սերոբ Բեջանեան եւ Սինկափուրի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ եւրոպական հարցերու ընդհանուր տնօրէն Հոն Մուն Լոու։

Պաշտօնական արարողութենէն ետք, Սինկափուրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկած են Սերոբ Բեջանեան, Հոն Մուն Լոու  եւ Սինկափուրի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Թիմ Ճին Չենկ։

Իր ելոյթին՝ Հայաստանի դեսպանը ընդգծած է սոյն հիւպատոսութեան հիմնադրման կարեւորութիւնը՝ նշելով, թէ այսպէսով զարկ կը տրուի զանազան բնագաւառներու մէջ հայ-սինկափուրեան յարաբերութիւններու զարգացման։ Իսկ Հոն Մուն Լոու իր խօսքին մէջ անդրադարձած է սինկափուրահայ համայնքի պատմական ներկայութեան եւ անոր նշանակալից ներդրումին այդ երկրի պատմութեան մէջ։

Ընդունելութեան մասնակցած են Սինկափուրի մէջ հաւատարմագրուած շարք մը երկիրներու դեսպաններ, դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ, պետական կառոյցներու եւ հայ համայնքի անդամներ, ինչպէս նաեւ գործարարներ։

Հարկ է նշել, թէ արարողութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Սինկափուրի պետական փառերգերը հնչած են Սինկափուր բնակող հայ երգչուհի Գայիանէ Վարդանեանի կատարողութեամբ։

Աւարտին ծաղիկներ զետեղուած են եկեղեցւոյ բակը տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին առջեւ։