Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սլովաքերէնով լոյս տեսած  են Թումանեանի «Հայկական հեքիաթները» եւ «Միջնադարեան հայկական առակները»

 

«Օրեր» ամսագիրէն կը տեղեկանանք, որ Փրակայի «Պետկա» հրատարակչութիւնը լոյս  ընծայած է Յովհաննէս Թումանեանի «Հայկական հեքիաթները» եւ «Միջնադարեան հայկական առակները» գիրքերը, աւստրիաբնակ բանասէր Մերի Սարգսեանի սլովաքերէն թարգմանութեամբ։ 

Գիրքերը հրատարակուած են շքեղ նկարազարդումներով, իսկ Թումանեանի հատորին մէջ տեղ գտած են հայ աշակերտներու գեղարուեստական աշխատանքները։  Հեքիաթներու ժողովածուն նուիրուած է Թումանեանի 150-ամեակին։ Թարգմանաբար ներկայացուող 19 հեքիաթները 1978-ին Երեւան լոյս տեսած Թումանեանի ընտիր երկերու հատորէն քաղուած են։ Իսկ «Հայկական միջնադարեան առակները» գիրքին մէջ ամփոփուած են Վարդան Այգեկցիի, Մխիթար Գոշի նշանաւոր 137 առակները, ինչպէս նաեւ անյայտ առակագիր Օլոմփիանայի քանի մը առակները։

Նշենք, որ Մերի Սարգսեան նաեւ  Հայերէն-չեխերէն/Չեխերէն-հայերէն առաջին բառարանի հեղինակն է։

Այս հատորները ձեռք բերելու համար կրնաք դիմել թարգմանչուհիին, հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէով՝  mery.sarkisian@gmail.com