Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍԿՈՎՏԻԱ – Հայաստանի մասնակցութիւնը Եւրոպայի գրադարաններու տնօրէններու ընդհանուր ժողովին

Յունիս 15–17, Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան մասնակցած է Միացեալ Թագաւորութեան Սկովտիոյ մայրաքաղաք Էտինպուրկի մէջ կայացած Եւրոպայի ազգային գրադարաններու տնօրէններու տարեկան ընդհանուր ժողովին (CENL)։

Գործադիր յանձնախումբը ընտրած էր «Արհեստական բանականութիւն (ԱԲ) եւ մշակութային ժառանգութիւն. ԱԲ փոխակերպող ուժը ազգային գրադարաններու միջոցով եւ գրադարաններու համար» նիւթը՝ իբրեւ 2025-ի համաժողովի հիմնական ուղղութիւն։

Համաժողովի շրջանակին մէջ Աննա Չուլեան՝ «Հայաստանի ազգային գրադարանի համագործակցութիւնը մասնաւոր կազմակերպութիւններու հետ. ԱԲ արհեստագիտութիւններու կիրարկման փորձառութիւն» բնաբանով իր ելոյթին ներկայացուցած է Հայաստանի ազգային գրադարանի՝  հայաստանեան «Portmind AM» կազմակերպութեան հետ հայատառ բնագրերու՝ OCR-ով* վերծանման ապահովման եւ ֆրանսական «Գալֆա» ընկերութեան հետ ալ թուայնացուած նիւթերու նշաճանաչման** եւ որակի բարելաւման փորձառութիւնը։

Հանդիպումներուն քննարկուած են շարք մը կարեւոր հարցեր, ներկայացուած են ուսումնասիրութիւններ, տեսակէտներ եւ նոր նախաձեռնութիւններ ազգային գրադարաններուն մէջ ԱԲ-ի կիրարկման առնչութեամբ։

Հայաստանի Ազգային գրադարանը շուրջ երկու տասնամեակէ ի վեր անդամ է «Եւրոպայի ազգային գրադարաններու համաժողով»-ին։

———

*OCR-ը՝ (Optical Character Recognition) տպագիր կամ նկարուած (մասամբ նաեւ ձեռագիր, եթէ շատ ընթեռնլի ու տպագիրի մօտիկ տառերով գրուած է)  նիւթերու գրաւոր բովանդակութիւնը համակարգչային տառատեսակի վերածող արհեստագիտութիւնն է։

**Նշաճանաչումը՝ թուայնացուած նիւթերը métadata-ով օժտելու գործողութիւնն է, այլ խօսքով՝ թուայնացուած նիւթի մը հիմնական տուեալներուն անոր զօդումը։ Ինչպէս օրինակ՝ թուայնացուած գրութեան մը կցումը՝  հեղինակի անունին, գրառման թուականին, գրութեան բառերու քանակին եւ փափաքելի այլ տուեալներու կամ յատկանիշերու։

Pic Neil Hanna
07702 246823