Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան յայտարարութիւնը Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին մասին

«Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն եւ մտահոգիչ բացայայտումներուն: 

Քննչական մարմիններու հրապարակած ապացոյցներն ու ձայնագրութիւնները կը փաստեն, որ կանխուած է բծախնդրօրէն մշակուած ահաբեկչական ծրագիր մը, որուն վերջնական նպատակը բռնի իշխանազաւթումն էր:

Տակաւին տարի մը առաջ հրապարակուած յայտարարութեամբ, մենք անընդունելի համարած էինք «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ստանձնած առաջնորդող դերը, մտահոգութիւն յայտնելով, որ Եկեղեցւոյ ներքաշուիլը քաղաքական գործընթացներուն մէջ յղի է լուրջ հետեւանքներով: Իսկ այսօր, ականատես կ՚ըլլանք աւելի ծանրակշիռ երեւոյթի մը, երբ այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու կողքին, քանի մը հոգեւորականներ եւս կը մեղադրուին ահաբեկչական գործողութիւններու կազմակերպման մէջ: Համոզուած ենք, որ եթէ օրին Մայր Աթոռը ազդու միջոցներ ձեռք առած ըլլար, թերեւս կարելի ըլլար խուսափիլ նման ցաւալի երեւոյթէ:    

Մենք անգամ եւս կ՚ուզենք շեշտել, որ հաւատարիմ ու զօրավիգ ենք Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի խօսքի, մտքի ու համախմբումի  ազատութեան ժողովրդավարական հիմնական իրաւունքներուն: Սակայն  վերջին  բացայայտումները բացարձակապէս չեն տեղաւորուիր այդ իրաւունքներու սահմաններէն ներս ու եթէ երբեք գործադրութեան դրուէր այդ դիւային ծրագիրը, երկիրը պիտի տանէր  դէպի մեծ ցնցումներ՝ համազօր Հոկտեմբեր 27-ի սպանդին եւ աւելի հեռուն։

Ներկայիւս կու գանք խստիւ դատապարտելու բռնի իշխանափոխութեան ու բռնութեան տարրեր պարունակող իւրաքանչիւր արտայայտութիւն, հրապարակային կոչ կամ ծրագիր։ Ժողովրդավար Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան համար կայ մէ՛կ ճանապարհ, որ ազատ ու արդար ընտրութիւններու միջոցն է միայն։ Իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն, բոլորն ալ պարտաւոր են գործելու այդ սկզբունքներու հիման վրայ, հայրենիքը հեռու պահելու համար անհարկի ցնցումներէ։

ՍԴՀԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

2025 Յուլիս 4»