Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Սուրբ էջմիածինը որպէս առաքելութիւն»

Յունիս 5-11, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միաբանական հաւաք, որուն իբրեւ խորագիր տրուած է, լուրջ մեկնաբանութիւններու կարօտ, տարօրինակ բանաձեւում մը՝ «Սուրբ էջմիածինը որպէս առաքելութիւն»։ Ըստ Մայր Աթոռի մամլոյ ծառայութեան՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն միաբանները այս ծրագրի ծիրէն ներս պիտի քննարկեն Հայ եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած խնդիրները, երեք ենթախորագրերու տակ՝ (ա) Դաստիարակչական, քարոզչական եւ կրօնական հարցեր. Եկեղեցւոյ պատմութեան դասաւանդումը դպրոցներէն ներս, (բ) Եկեղեցւոյ վերաբերեալ հայեցակարգային հարցերը, եւ վերջապէս (գ) միջեկեղեցական հարթակներու վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի ինքնիշխանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու բարձրացումը աւելի լայն հասարակութիւններու հասանելի դարձնելու համար։

Բնականաբար, Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ նման նախաձեռնութիւն մը կրօնականի եւ ընկերայինի կողքին կը ջանայ ամրապնդել եկեղեցւոյ նա՛եւ քաղաքական դերակատարութիւնը։ Բայց զարմանալիօրէն մէկդի կը դնէ Հայ Առաքելական եկեղեցին յուզող միջազգային մակարդակի յոյժ կարեւոր հարց մը՝ Երուսաղէմի պատրիարքութեան միաբանութեան մէջ ծագած գայթակղալի պառակտումը եւ պատրիարքարանի կալուածներու անօրէն վարձակալութեան եւ վաճառքի հարցերը։ 

Միաժամանակ, Յունիս 5-8, կազմակերպուած էր նաեւ Գերագոյն խորհուրդի ժողովը, որու ընթացքին պիտի քննարկուէին Հայաստանի ու Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, Արցախին ուղղուած ընկերային աջակցութեան ծրագրերը, Մայր տաճարի վերանորոգման հարցերը, … եւ դարձեալ՝ հանրակրթական դպրոցներուն մէջ «Հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան» դասաւանդման, ինչպէս նաեւ նուիրապետական աթոռներու ու թեմերու գործունէութեան առնչուող հարցեր։

Եկեղեցական այս հաւաքներու կողքին, Մայր Աթոռը հաստատած է ազգային նիւթերու քննարկման «Գաւիթ» հարթակը, որ իր անդրանիկ հանդիպումը կազմակերպած էր Յունիս 2-ին, եւ որուն մասնակցեցան եկեղեցականներ, ազգային, հասարակական, քաղաքական գործիչներ։ Հարթակի համակարգողը Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանն է, թունդ հակաիշխանական դէմք մը, որ բնական է՝ չէր յաջողած նոյնիսկ փորձագիտական եւ մտաւորական դասին մէջ իշխանութեան մօտիկ կամ նոյնիսկ չէզոք անձնաւորութիւններ հրաւիրել։ Թերեւս միակ բացառութիւնը կը կազմէր հալէպահայ մտաւորական Յակոբ Չոլաքեանը, նաեւ միակ Սփիւռքահայը, որ ներկայիս բնակութիւն հաստատած է Երեւանի մէջ։

Վեհափառը «Գաւիթ»-ի բացման խօսքին մէջ նշեց, որ քննարկման առաջին նիւթ ընտրած են՝ «Հայաստանը եւ Արցախը շրջադարձային խաչմերուկում. մարտահրաւէրներ եւ յաղթահարման ուղիներ» բնաբանը, նկատի առնելով հայրենական կեանքը փոթորկող գործընթացները, ապահովութեան առկայ հիմնախնդիրներն ու Արցախի ժողովուրդին դիմաց սաստկացող գոյաբանական սպառնալիքները. «Լիայոյս ենք, որ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած բազմաբնոյթ մարտահրաւէրների շուրջ միասնական խորհրդածութեամբ կը կարողանանք ձեւակերպել կառուցողական առաջարկներ, որոնք կարեւորութեամբ նկատի կ՚առնուեն ինչպէս իշխանութիւնների, այնպէս եւ քաղաքական տարբեր ուժերի ու գործիչների կողմից եւ առիթ կը հանդիսանան՝ մեր ողջ ներուժով համախմբուելու ու դուրս բերելու երկիրը առկայ բարդ իրավիճակից։ Ամէնքս գիտակցում ենք՝ միայն համազգային միաբանութեամբ կարող պիտի լինենք յաղթահարել ազգի առջեւ ծառացած ծանր ու դժուարին փորձութիւնը»։

Ողջունելի խօսքեր են, որոնք պէտք չէ իբրեւ քօղ ծառայեն իշխանութեան դէմ նոր քաղաքական ճակատ մը ձեւաւորելու, ինչպէս որ ցոյց կու տայ այդ հարթակի մասնակիցներու ընտրութիւնը։ Հայաստանի մէջ, Պետութիւն- Եկեղեցի յարաբերութիւնները նախայեղափոխական շրջանի մեղրալուսնի ժամանակները չեն ապրիր։ Մայր Աթոռի եկեղեցական վերնախաւը բազմիցս իր համակրանքը եւ համախոհութիւնը յայտնած է նախկին իշխանութիւններու ղեկավարներուն։ Գարեգին Բ. կաթողիկոս մինչեւ իսկ պահանջած է վարչապետին հրաժարականը եւ կարգ մը բարձրաստիճան եկեղեցականներ առիթը չեն փախցներ վարկաբեկելու կառավարութեան անդամները եւ սուր կերպով քննադատելու անոր վարած քաղաքականութիւնը, հակառակ Սահմանադրութեամբ հաստատուած Եկեղեցի-Պետութիւն անջատումի սկզբունքին։ Եւ կ՚անտեսեն քուէարկութեամբ՝ ժողովուրդին ազատ կամքի արտայայտութեամբ ընտրուած օրինաւոր իշխանութիւնը։

Ժ.Չ. ■