Սուրբ Սարգիսի տօնը այս տարի կը նշուի Փետրուար 15-ին

 

Երիտասարդներու բարեխօս Սուրբ Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան օրը այս տարի կը նշուի Փետրուար 15-ին։

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը հռչակուած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր:

Այս տօնը Հայաստանի մէջ կը նշուի ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ ժողովրդական սովորութիւններով, որ նուիրական աւանդութիւն մըն է: Սուրբ Սարգիս զօրավարը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է: Անոր միջնորդութեամբ հրաշքներ կը գործուին: Այդ օր երիտասարդները կը դիմեն սուրբին, որ իրենց աղօթքները հասցնէ առ Աստուած:

Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդները աղի բլիթ (galette) կ՚ուտեն, որու հետ կը կապեն իրենց փեսացուի կամ հարսնցուի երազայայտնութիւնը: Այդ օրուան յիշատակելի սովորութիւններէն է փոխինդով (polenta) ափսէն դնել տան տանիքին կամ պատշգամին եւ սպասել զօրավարին ձիու պայտի հետքին:

Ըստ աւանդութեան` սուրբ Սարգիս պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի եւ իրեն համար ափսէի մէջ դրուած ալիւրին կամ փոխինդին մէջ ձգէ մաքրութիւն, անաղարտութիւն խորհրդանշող իր սպիտակ ձիուն պայտի հետքը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այդ տարուան ընթացքին պիտի իրականանայ տուեալ հաւատացեալին երազանքը:

Երիտասարդները այդ օր իրարու բացիկներ եւ անուշեղէն կը նուիրեն: Տօնին օրը զօրավարի անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի պատարագ, ապա կը կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան կարգ: