Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանը գտնուող յոյն ուղղափառ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ դէմ ահաբեկչական յարձակում մը գործուած է Կիրակի, Յունիս 22-ին, որու հետեւանքով կային առնուազն 20 մեռեալ եւ տասնեակներով վիրաւորներ։
Սուրիոյ Ներքին գործոց նախարարութիւնը Telegram-ի իր պաշտօնական ալիքով հրապարակուած գրառման մէջ յայտնած է. «“Իսլամական պետութիւն” ահաբեկչական կազմակերպութեան ենթակայ մահապարտ-ահաբեկիչը մտած է մայրաքաղաք Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանը գտնուող Սուրբ Եղիա եկեղեցի, կրակ բացած աղօթողներու վրայ, ապա ինքզինք պայթուցիկ բաճկոնով պայթեցուցած»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։