ՍՈՒՐԻԱ – Լաթաքիոյ մէջ իրավիճակը լարուած է. հայկական դպրոցն ու եկեղեցին փակ կը մնան զգուշութեան նկատառումներով

Անցնող օրերուն Լաթաքիոյ արուարձաններուն մէջ զինեալ բախումներ տեղի կ՚ունենային երկրի ապահովական ուժերուն եւ ծովափի շրջանի զինեալներու միջեւ, որուն հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան։

«Գանձասար»-ի թղթակիցը յայտնած է, թէ բախումները հասած են քաղաքի ծայրամասերն ու կեդրոնը։ Իրավիճակը կը մնայ լարուած։ Լաթաքիա-Թարթուս ճամբան փակուած է։

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը հաղորդած է, թէ եկեղեցին փակ պիտի պահէ իր դռները։ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի հոգաբարձութիւնը իր կարգին յայտնած է, թէ դպրոցը փակ պիտի մնայ։

Ժողովուրդին թելադրուուած է դուրս չելլել բնակարաններէն մինչեւ կացութեան հանդարտիլը։

Ծովափի շրջանի կառավարական ապահովական  ուժերը Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի մէջ պարետային ժամ յայտարարած են։

ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԱԾ ԵՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՌԱՒՕՏ

«Գանձասար» Մարտ 8-ին կը տեղեկացնէր, թէ ըստ իր թղթակցին՝ նախորդ օր ցերեկուան ժամերուն քաղաքը հանդարտ էր։ Ուշ գիշերին, սակայն, լարուածութիւնը վերսկսած է։ Հակամարտող կողմերու միջեւ կրակոցներ եղած են հայկական թաղամասերու մերձակայքը եւս մինչեւ առաւօտ։

Համայնքային կառոյցները կը մնային փակ։ 

Բնակչութիւնը ամբողջ օրը բնակարաններէն դուրս չէր ելած։ 

Քաղաքին ելեկտրականութիւնը, համացանցը անջատուած է, ջուրը մերթ ընդ մերթ կ՚անջատուի։