Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍՈՒՐԻԱ – ՀԱԼԷՊ. Ջահերով ժողովրդային երթ

Ապրիլ 22-ին, հալէպահայութիւնը համախմբուած է ու Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով պահանջատէրի իր կեցուածքը այս անգամ արտայայտած ժողովրդային ջահերթով։

Ջահերթը կազմակերպած է Սուրիահայ երիտասարդական միութիւնը, որուն մասնակցած են Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպիսկ. Զօպուեան, Բերիոյ թեմի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ աւետարանականներու Համայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Ազգ. իշխանութեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչները, ՀՀ Հալէպի աւագ հիւպատոսութեան խորհրդականը, ՀՀ մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչները, քահանայ հայրեր, բարեսիրական, մարզական, մշակութային եւ երիտասարդական միութիւններու անդամներ ու հարիւրաւոր երիտասարդներ։

ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը առաջնորդած է ջահերթը, Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ դրօշներով։

Հալէպի փողոցները պահանջատիրութեան կանչերով թնդացած են։ Շրջանի բնակիչները իրենց պատշգամներէն մոմեր բռնած, զօրակցած են տողանցողներուն։

Ազգ. գերեզմանատան մուտքին փողերախումբը հնչեցուցած է Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ փառերգերը: Գերզմանատան սեմին զետեղուած են 1915֊ին նահատակուած մտաւորականերու պատկերները, սերունդներու յիշոշութեան մէջ վառ պահելու համար հայ նահատակներուն արեան կանչը։

Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշաքարին առջեւ զետեղուած են ծաղկեպսակներ, ապա հայ հոգեւոր պետերը միացնելով իրենց ջահերը՝ վառած են յուշաքարին մօտ գտնուող ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը խորհրդանշող ջահը։

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգած են յիշատակը Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր նահատակներուն: 

Աւարտին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը իր պատգամը ուղղելով ըսած է. “Այս ջահերթը կը վկայէ, որ հալէպահայութիւնը հաստատակամ է իր պայքարին մէջ։ Ժողովուրդ մը, որ ապրեցաւ բազմաթիւ դժուարութիւններ, ապրեցաւ պատերազմ նոյն թշնամիին կողմէ հրահրուած, սակայն կանգուն մնաց։ Այսօր մեր հաւաքական ներկայութիւնը այստեղ յարութեան եւ յոյսի պատգամն է։

Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան բեկորները ուր որ գացին ծաղկեցուցին, ստեղծագործ իրենց ներկայութեամբ յատկանշուեցան։

Մեր փափաքն է, որ Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը միասնութեամբ այս ջահին նման մնան լուսաւոր ու վառ։ Այս օրերը ուխտի օրեր են մեզի համար։ Ուխտենք հաւաքական մեր աշխատանքով, պայքարով կեանքի կոչել մեր սրբադասուած նահատակներուն պատգամը”։

Յայտագիրը իր աւարտին հասած է Սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։