«Նոր Յառաջ» – Իշխանափոխութենէն ետք, Սուրիոյ ապահովական կացութիւնը ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ համեմատելով նախկին իշխանութեան ժամանակ տիրող կացութեան հետ։
Մարիա Գաբրիէլեան – Բնականաբար որեւէ յեղաշրջումէ կամ յեղափոխութենէ ետք ապահովական խնդիրներ կը յառաջանան, երբ նախկին իշխանութեան ապահովական ուժերը կը հեռանան կամ կը հեռացուին, իսկ նոր իշխանութեան ապահովական պատրաստուածութիւնը կրնայ տակաւին կատարելագործուած չըլլալ: Սուրիոյ նման տարածութիւն ու քաղաքացիներու բազմազանութիւն ունեցող երկրի մը մէջ անվտանգութեան պայմաններու հաստատումը այնքան ալ հեշտ գործ չէ, հետեւաբար առայժմ ապահովական խնդիրներ առկայ են, ի մասնաւորի առնչուած՝ աւազակախումբերու, կողոպուտներու, առեւանգումներու եւ նմանօրինակ դէպքերու հետ: Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ, որ յեղափոխականները դատարկեցին բոլոր բանտերը, եւ ոչ միայն քաղաքական բանտարկեալներու զնտանները, հետեւաբար քրէական յանցագործները կալանազերծուեցան…
Ապահովական վիճակի ամբողջական հաստատումը ժամանակի կը կարօտի մինչեւ որ ոստիականատուները եւ նմանօրինակ յանձնառութեամբ կեդրոնները վերակազմակերպուին, ունենան պահանջուած թիւով անձնակազմեր եւ փորձառու ու ատակ անդամներ:
«ՆՅ» – Հայ համայնքային կեանքը ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ կրեց։
Մ. Գ. – Առաջին օրերուն համայնքային կեանքը գրեթէ դադրած էր: Մարդիկ ցնցուած էին, մէկ կողմէն մտավախութիւնը նոր իշխանութեան որդեգրելիք ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան առնչութեամբ, միւս կողմէն համատարած անորոշութիւնը` անել կացութեան մատնած էին համայնքը: Սակայն փառք Աստուծոյ, շնորհիւ Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային իշխանութեան ստանձնած յանձնառութեան եւ առաքելութեան՝ համայնքը շուտով, նոյնիսկ սպասուածէն շատ աւելի արագ, յաջողեցաւ վերագտնել ինքզինք: Այսպէս համայնքի դպրոցները, եկեղեցիները, միութիւնները, ակումբներն ու ճաշարանները կարճ ժամանակի ընթացքին վերադարձան իրենց առօրեային: Ստեղծուած կացութեան յաղթահարման մէջ մեծ եղաւ դերը Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի. անոր լայնախոհութիւնը, խիզախութիւնն ու պահի ճշգրիտ արժեւորումն ու առ այդ գործելը մեծապէս նպաստեցին համայնքին լաւագոյնս տիրութիւն ընելու, ի մասնաւորի սուրիահայերու հոգեկան վիճակը հանդարտ պահելու:
«ՆՅ» – Շրջող լուրերն ու համացանցային հաղորդումները ապահովութիւն չեն ներշնչեր Սուրիայէն դուրս ապրողներուն։ Ի՞նչ է Ձեր կարծիքը այս առնչութեամբ։
Մ. Գ. – Բնականաբար հեռուէն դիտողն ու ներսը ապրողը նոյն պատկերը պիտի չտեսնեն: Փառք Աստուծոյ, որ ապահովական վիճակը օրէ-օր կը բարելաւուի, դատապարտելի դէպքերը կը նուազին եւ քաղաքը հետզհետէ ինքզինք կը գտնէ: Ժամանակի կարօտ խնդիրներ են, որոնք քայլ առ քայլ դէպի լուծում կ՚առաջնորդուին:
«ՆՅ» – Հայ համայնքէն արտագաղթի հոսանքը մե՞ծ է։
Մ. Գ. – Արտագաղթելու ցանկութիւն ունեցողներ կան, որովհետեւ տակաւին մտավախութիւնը առկայ է, սակայն հնարաւորութիւնները սահմանափակ են: Դէպի եւրոպական երկիր գաղթելու կարելիութիւնները նախկինի նման չեն, Գանատան գաղթի նոր դռներ չէ բացած: Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը ա՛լ աւելի խստացուց գաղթի օրէնքները: Այսօրուան պայմաններով հաւանաբար միայն ներգաղթելը հնարաւոր է:
Իշխանափոխութենէն ետք հազիւ քանի մը տասնեակ ընտանիք հեռացաւ Սուրիայէն դէպի Պէյրութ կամ Հայաստան: Նշենք նաեւ, որ համայնքի զաւակներուն մէջ յուսադիրներ կան, քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք մեծ ակնկալութիւններ ունին երկրի վիճակի բարելաւման: Սուրիական լիրայի արժէքին որոշ չափով բարձրանալը, ապրանքատեսակներու առատութիւնն ու գիներու նուազումը, վառելանիւթի (պենզին, մազութ) առատութիւնն ու սակերու իջեցումը յոյս կը ներշնչեն եկող օրերու սպասումները արդարացնելու ուղղութեամբ: Հիմնականը աշխատանքի պարագան է, արհեստաւորներուն մեծամասնութիւնը տակաւին գործազրկութենէ կը դժգոհի, եթէ տնտեսական իրավիճակը բարելաւուի՝ շատ բան կը փոխուի:
«ՆՅ» – Կրթական ոլորտին մէջ ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան։
Մ. Գ. – Կրթական ոլորտին մէջ մեծ փոփոխութիւններ չկան: Ուսումնական առարկաներու շարքէն դուրս հանուեցաւ ազգային կրթութեան դասանիւթը, նաեւ կրթական հաստատութիւններէն պահանջուեցաւ դասագիրքերէն ջնջել նախկին իշխանութիւնը փառաբանող պարբերութիւնները: Առայժմ ասոնք են փոփոխութիւնները:
«ՆՅ» – Սուրիոյ մէջ հայ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն գոյատեւման համար հեռանկարներ կա՞ն։
Մ. Գ. – Նոր իշխանութիւնը առաջին օրէն ոչ միայն անվտանգութեան այլեւ ապահով ու ազատօրէն գործելու երաշխիքներ տուաւ: Քրիստոնեայ համայնքները ողջունելով այս մօտեցումը սովորականին նման կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը: Անշո՛ւշտ պիտի գոյատեւեն անոնք. Սուրիան բոլորիս հայրենիքն է, Սուրիոյ հարստութիւնը իր բազմազանութեան մէջ է, ազգային ու կրօնական բազմազանութեան: Համերաշխութեամբ համակեցութիւնը բոլորին ցանկութիւնն է եւ ոչ ոք ճիգ կը խնայէ անոր իրականացման համար:
Հարցազրոյցը վարեց՝
Վեհան ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։