Գաթալոնիոյ մէջ հայ գաղութ մը կազմաւորուած է վերջին 25 տարիներուն։ Տեղւոյն «Արարատ» միութեան նախագահ Սարգիս Յակոբեանի համաձայն՝ համայնքին մէջ հայկականութիւնն ու հայերէնը կը պահպանուին։
Ապրիլ 28-ին, Գաթալոնիոյ խորհրդարանին մէջ՝ Արցախի հայութեան ողբերգութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէսի մը բացումը կատարուած է:
Իսկ Ապրիլ 24-ին, Սանթա Գոլոմա տը Կրամանեթի քաղաքապետութեան առջեւ վեր բարձրացուած է Հայաստանի դրօշը՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Յակոբեան կը տեղեկացնէ, թէ այժմ խորհրդարանին մէջ կը քննարկուի հայ գերիներու ազատ արձակման հարցը։ «Արարատ» միութիւնը նաեւ օժանդակութիւն կը կազմակերպէ Արցախէն տեղահանուած հայերուն օգնութեան հասնելու նպատակով, համագործակցելով տարբեր կազմակերպութիւններու եւ քաղաքապետութիւններու հետ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։