«Արարատ» հայկական միութեան նախաձեռնութեամբ, Մայիս 27-ին, Սպանիոյ Վալանս քաղաքի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է Տաթեւ Պապոյեանի հեղինակած քառալեզու` անգլերէն-սպաներէն-ռուսերէն-հայերէն, պատկերազարդ բառարանի շնորհահանդէսը։
Իր տեսակին մէջ եզակի այս բառարանը, հեղինակին մեծ երազանքը եղած է, որ իրականութիւն դարձած է վերջինիս եօթը երկար տարիներու յամառ եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ։
Բացման խօսքով հանդէս եկած է միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան։ Ան նախքան հիւրը ներկայացնելը, մատնանշած է օրուան խորհուրդը. 105 տարի առաջ, այս օրերուն, տակաւին Ցեղասպանութեան թարմ վէրքը կրող հայ ժողովուրդը, շնորհիւ նոյն ցեղասպանի դէմ մղուող վճռորոշ ճակատամարտերուն, կերտեց անկախութիւն, որ, թէեւ չափազանց կարճ կեանք ունեցաւ, սակայն ապացուցեց, որ ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ միասնական եւ համախմբուած ըլլալու պարագային, Հայը կրնայ ձեռք բերել թուացեալ անհնարինը։ Ղուկասեան՝ զուգահեռներ գծելով ներկայ եւ հարիւրամեայ վաղեմութիւն ունեցող պատմական անցքերու միջեւ, ընդգծած է այսօրուան իրավիճակը, երբ հայ ժողովուրդը 21-րդ դարուն կրկին կանգնած է ցեղասպանուելու վտանգին առջեւ։
Ներկայացնելով քառալեզու բառարանն ու անոր հեղինակը` հայկական միութեան նախագահը նշած է գիրքին կարեւոր եւ հանրամատչելի ըլլալու հանգամանքը։
Իր կարգին, Տաթեւ Պապոյեան ներկայացուցած է իր հեղինակած բազմալեզու բառարանը, ուր ընդգրկուած են աւելի քան 5.500 բառ եւ բազմաթիւ նկարներ ու պատկերազարդեր, որոնք առաւել դիւրին ու մատչելի կը դարձնեն լեզուի ուսուցումը։
Ձեռնարկի աւարտին գործադրուած է գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը։