Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սպասելով եկեղեցականներու պատասխանին

Յուլիս 4-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միածին հրա­ւիրուած էին Սփիւռքի եւ Հա­յաս­տա­նի թե­մակալ առաջ­նորդնե­րը, բան­տարկուած եր­կու բարձր­աս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րու զօ­րակ­ցութիւն ար­տա­յայ­տե­լու եւ եկե­ղեց­ւոյ բա­րերար հռչա­կուած Սա­մուէլ Կա­րապե­տեանի ազա­տ արձակումը պահանջելու հա­մար կազ­մա­կեր­պուած ցոյ­ցին իրենց մաս­նակցու­թիւնը բե­րելու։ Այս բա­ցառիկ հա­ւաքը ծնաւ յայ­տա­րարու­թիւն մը, որ Հայաստանի իշ­խա­նու­թեան հան­դէպ ընդհա­նուր վրդո­վու­մի եւ Գա­րեգին Բ.ին հա­ւատար­մութեան ար­տա­յայ­տութիւն էր, առանց անդրա­դարձ մը կա­տարե­լու Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թեան եւ անոր դի­մագ­րա­ւած անվտան­գութեան մար­տահրա­ւէր­նե­րուն։ Չկար նաեւ Եկե­ղեցի-պե­տու­թիւն յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կար­գա­ւորե­լու ել­քի մը առա­ջար­կը, նկա­տի ու­նե­նալով բո­լոր այն հար­ցե­րը որոնք այս պոռթկու­մին պատ­ճառ հան­դի­սացած են։

Միակ դրա­կան ար­ձա­գան­գը,– եթէ կարելի է այդպէս որակել,– եկաւ Պոլ­սոյ պատ­րիար­քէն. ան ըսաւ, որ վարչապետին Պոլիս այցը՝ ԱՄՆ իր այ­ցե­լու­թեան զուգադիպած ըլլալուն պատճառով է, որ չէ կրցած զինք ընդունիլ, եւ եթէ ինք հոն ըլլար՝ բնա­կանա­բար կ՚ըն­դունէր, թէեւ՝ անոր առերես յայտնելու համար իր առարկութիւնները։ 

Բայց, Պոլ­սոյ պատրիար­քն ալ չէ հա­մար­ձա­կած արծարծել՝ հան­րութեան առ­ջեւ բա­ցէ ի բաց պար­զուած կու­սակրօ­նու­թեան խախ­տումի երե­ւոյ­թը։ Եթէ եկե­ղեց­ւոյ ներ­քին հարցն է՝ շատ լաւ, թող եկե­ղեցին լու­ծէ։ Բայց նա­խ եւ ա­ռաջ պէտք է ըն­դունի այդ իրո­ղու­թիւնը, որ լու­ծէ։ Ի՞նչ ըսել՝ երբ աշ­խարհի ամէն կող­մէ թե­մակալ առաջ­նորդներ եպիս­կո­պոս­ներ, ար­քե­պիս­կո­պոս­ներ կը հա­ւաքուին Մայր Աթոռ՝ պաշտպա­նելու Գա­րեգին Բ.ն ու բառ մ՚իսկ չեն ար­տա­յայ­տե­ր եկե­ղեցա­կան­նե­րու վար­քին առնչուող հար­ցին մասին…։

Պոլ­սա­հայ մա­մու­լի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու հետ հան­դիպման ժա­մանակ Պոլ­սոյ պատ­րիար­քը անդրա­դառ­նա­լով Փա­շինեանի հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցա­կան­նե­րու կու­սակրօ­նու­թեան ուխտի դրժու­մի ամ­բաստա­նու­թեան, ըսած է թէ ան­ցեալին բազ­մա­թիւ ան­գամներ տեղի ունեցած են վար­չա­պետ-վե­հափառ հան­դի­պումներ, եւ այն ժա­մանակ վար­չա­պետը տե­ղեակ չէ՞ր եղե­լու­թիւննե­րուն։ Եթէ այն ժա­մանակ վար­չա­պետը տե­ղեակ էր, բայց այդ հարցը չէ բարձրա­ցուցած, սա չի նշանակեր, որ խնդիր գո­յու­թիւն չու­նի։ Թե­րեւս ալ ար­ծարծած է, բայց ծա­ծուկ։ Ներ­կայ բա­խու­մին ու անոր հան­րայնա­ցման գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը պարզ է՝ եկե­ղեցա­կան­նե­րու բռնի յե­ղաշրջում կա­տարե­լու կո­չերուն՝ Մայր Աթո­ռի կողմնակ­ցութիւ­նը։ Եւ ապ­շե­ցու­ցիչ է, որ հայ կղե­րական բարձրաս­տի­ճան դա­սը կը շրջան­ցէ այս գլխա­ւոր խնդի­րը, զա­նազան եկե­ղեցա­պաշտ ու ազ­գայնա­պաշտ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւններ ա­ռաջ քշելով։ Բնա­կան է, որ կայ ան­մե­ղու­թեան կան­խա­վար­կա­ծը, կայ վար­չա­պետին գոր­ծա­ծած լե­զուին կոշ­տութիւ­նը…, բայց այս երե­ւոյթնե­րը չեն ար­դա­րաց­ներ եկե­ղեցա­կան­նե­րու վար­քին վե­րաբե­րող գլխա­ւոր մե­ղադ­րանքին պա­տաս­խա­նելէ խու­սա­փիլը։

Այնպի­սի աշ­խարհի մը մէջ կ՚ապ­րինք, ուր լրտե­սու­թիւնը յատ­կա­պէս գաղտնի սպա­սար­կութիւննե­րու կող­մէ անձ մը կամ պե­տու­թիւն մը խո­ցելու տե­ղեկա­տուա­կան նիւ­թե­րու հա­ւաքագ­րումը,– ինչպէս կարգ մը անձնա­ւորու­թիւննե­րու մտեր­միկ կեան­քին մա­սին տե­սագ­րութիւննե­րը,– երկրին անվտան­գութեան ծառայու­թիւննե­րը պե­տու­թեան ազ­գա­յին շա­հերը պաշտպա­նելու հար­կադրան­քին տակ կը դնեն։ Այս նիւ­թին անդրա­դար­ձած էր վար­չա­պետը հե­տեւեալ գրա­ռու­մով. «Անձնա­կան կեան­քի եւ օպե­րատիվ իրա­վիճա­կի կա­պի մի դրուագ ներ­կա­յաց­նեմ միայն. վեր­ջին տա­րինե­րին աւե­լի քան եր­կու տաս­նեակ դէպք է բա­ցա­յայ­տուել, երբ օտա­րերկրեայ յա­տուկ ծա­ռայու­թիւննե­րը ՀՀ քա­ղաքա­ցինե­րի են հա­ւաքագ­րել՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով անձնա­կան եւ ին­տիմ կեան­քում նրանց ու­նե­ցած խո­ցելիու­թիւննե­րը։ Նման բազ­մա­թիւ դէպ­քե­րով կան քրէական գոր­ծեր, մի մա­սը քննւում է դա­տարան­նե­րում, միւս մա­սով ու­նենք մե­ղադ­րա­կան դա­տավ­ճիռներ։

Ահա եւ կա­պը “անձնա­կան կեան­քի” եւ օպե­րատիվ իրա­վիճա­կի մի­ջեւ»։ Բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րը զերծ չեն օտա­րերկրեայ սպա­սար­կութիւններու նման աս­պա­տա­կու­թիւննե­րէ։

Ժ.Չ. ■