Ըստ «Արցախփրէս»-ի՝ Մայիս ամսուն եւ Յունիսի առաջին հնգօրեակին Ստեփանակերտի մէջ ամէնէն վաճառուած գիրքը եղած է Աստուածաշունչը՝ Հին եւ Նոր Կտակարանները:
Արցախի մէջ ներկայիս տիրող պայմաններուն՝ միաժամանակ տրամաբական ու յուզիչ է այս տուեալը։ Հէ՜գ Արցախցիներուն, բացի հաւատքէն չէ մնացած այլ ապաւէն։
Երկրորդ դիրքի վրայ կը հասնի աշխարհահռչակ «Հարրի Փոթեր»ներու շարքի 5-րդ վէպը՝ «Հարրի Փոթերը եւ Փիւնիկի միաբանութիւնը»։ Կը հետեւին աֆղան Խալետ Հոսեյնի «Օդապարուկ թռցնողը» վէպը, գերմանացի Էրիխ Մարիա Ռեմարքի «Երկինքն ընտրեալներ չունի» ստեղծագործութիւնը եւ Յովհաննէս Թումանեանի «Հեքիաթների ժողովածու»-ն: